image

Զելենսքին Իաթանպուլ մեկնած Ռուսիոյ պատվիրակութիւնն անուանած է «ձեւական»

Զելենսքին Իաթանպուլ մեկնած Ռուսիոյ պատվիրակութիւնն անուանած է «ձեւական»

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին քննադատած է Իսթանպուլի մէջ մայիս 15-ին նախատեսուող ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն ներկայացուած Ռուսիոյ պատուիրակութեան կազմը՝ նշելով, որ անոնք ձեւական բնոյթ կը կրեն։

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացած է Reuters-էն, Զելենսքին այս մասին ըսած է Անգարա ժամանելուն պէս։

Ուքրանիոյ նախագահը նշած է, որ Թուրքիա ուղարկուած ռուսական պատուիրակութեան կազմը ցած մակարդակի է, իսկ անոր մանթատը պարզ չէ։

«Ռուսական պատուիրակութեան մակարդակն ինծի պաշտօնապէս յայտնի չէ, բայց դատելով այն ամէնէն, որ կը տեսնենք, այդ աւելի շատ ձեւական է, -ըսած է Զելենսքին։ - Մենք պէտք է հասկնանք, թէ ինչ մակարդակի ռուսական պատուիրակութիւն է, եւ ինչ մանթատ անոնք ունին եւ արդեօք անոնք կրնան որեւէ որոշում կայացնել»։

Զելենսկիին նաեւ հարց ուղղած են, թէ ինչ ուղերձ ունի ան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին։

«Ես այստեղ եմ։ Կը կարծեմ՝ այս յստակ ուղերձ է», - պատասխանած է Ուքրանիոյ նախագահը։