ՀՀ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցը տնային կալանքը փոխուած է, ՀՀ վերաքննիչ դատարանը խափանման միջոց կիրառած է վարչական հսկողութիւնը: Տեղեկութիւնը «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած է անոր պաշտպան Երեմ Սարգսեանը:
«Խափանման միջոց վարչական հսղութեանը հանգամանքը չենք բողոքարկելու ՀՀ վճռաբեկ դատարան, քանի որ ժամանակ չկայ ու դեռ աւելին` Հակակոռուպցիոն կոմիտէն քրէական գործով նախաքննութեան աւարտ է յայտարարել, ուստի խափանման միջոցի հարցը դատաքննութեան փուլում կը քննարկենք»,-ըսած է ան։