ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ խոստովանած է, որ դաշինքը չի ձգտիր Ուքրանիոյ մէջ հրադադարի ռուսական պայմաններով. ըստ անոր, այդ կ'ըլլայ ազդանշան, որ ուժի կիրառումը կը յանգեցնէ քաղաքական նպատակներու իրականացման:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ինչպէս յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, այս մասին 8 նոյեմբերին Սթոլթընպըրկը յայտնած է Շարմ ալ Շէյխի մէջ՝ կլիմայական համաժողովի ծիրէն ներս կայացած առցանց ֆորումի ժամանակ։
«Եթէ Ուքրանիան հետեւի Ռուսիոյ պահանջներուն եւ ընդունի այն փաստը, որ Ռուսիան ներխուժած է, գրաւած է տարածքներ, կայ շարունակական յարձակումներու վտանգ: Սա աղէտ պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ համար, բայց նաեւ վտանգ բոլորիս համար, քանի որ այդ ազդանշան պիտի ուղարկէ, որ ուժի կիրառումը թոյլ կու տայ հասնիլ հարեւան երկիրներու նկատմամբ վերահսկողութիւն ձեռք բերելու քաղաքական նպատակներուն»,-ըսած է Սթոլթընպըրկ:
Գլխաւոր քարտուղարը նաեւ յորդորած է չմոռնալ, որ պատերազմէն առաջ Ռուսիան ենթադրաբար որոշակի յաւակնութիւններով հանդէս եկած է ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ ՆԱԹՕ-ի եւ դաշինքի երկիրներու հետ կապուած։
«Անոնք կ'ուզէին, որ ՆԱԹՕ-ն փակէ դռները, անոնք կ'ուզէին թոյլ չտալ, որ Շուէտն ու Ֆինլանտան դառնան դաշինքի անդամ: Ինչպէս նաեւ անոնք կ'ուզէին, որ ՆԱԹՕ-ն դուրս բերէ բոլոր ուժերը դաշինքի արեւելեան հատուածէն՝ որ անընդունելի է», - ըսած է Ենս Սթոլթընպըրկ: