Իրանը ԱՄՆ-ին նոր առաջարկ ներկայացուցած է Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու եւ պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ։ Այս մասին կը յայտնէ ամերիկեան Axios լրատուական կայքը՝ յղում ընելով ամերիկացի պաշտօնեայի մը եւ թեմային քաջատեղեակ երկու աղբիւրի։
Ըստ Axios-ի՝ իր առաջարկին մէջ իրանական կողմը նաեւ կոչ կ՚ընէ միջուկային բանակցութիւնները յետաձգելու աւելի ուշ փուլ։
ԱՄՆ երեք պաշտօնեաներու տուեալներով՝ ապրիլ 27-ին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Իրանի հարցով նիստ պիտի գումարէ իր ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խումբին հետ։ Աղբիւրներէն մէկուն տեղեկութիւններով՝ Թրամփի խումբը պիտի քննարկէ բանակցութիւններուն մէջ առկայ փակուղին եւ հնարաւոր յաջորդ քայլերը։
Ապրիլ 26-ին Fox News-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ԱՄՆ նախագահը յայտարարած էր, որ կը փափաքի շարունակել Հորմուզի նեղուցի ռազմածովային շրջափակումը՝ նպատակ ունենալով ստիպել իրանական կողմը բանակցային սեղանին շուրջ համաձայնիլ իրենց առաջարկներուն։
ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ ճգնաժամը խորացաւ նախորդ շաբթուան վերջաւորութեան, երբ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի՝ Փաքիստան կատարած այցելութիւնը աւարտեցաւ առանց յառաջընթացի։ Իրանական կողմը չցանկացաւ Իսլամապատի մէջ հանդիպիլ Թրամփի դեսպաններ Սթիւըն Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ։
Արաքչին ապրիլ 27-ին բանակցութիւններու համար արդէն ժամանած է Ռուսիա։