image

«Հրադադարէն ետք մարտերն աւելի ուժեղ պիտի ըլլան». Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարէն սպառնալիքներ

«Հրադադարէն ետք մարտերն աւելի ուժեղ պիտի ըլլան». Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարէն սպառնալիքներ

Հրադադարի աւարտէն ետք Կազայի հատուածին մէջ ռազմական գործողութիւնները պիտի ըլլան աւելի ուժեղ եւ պիտի տարածուին անկլաւի ամբողջ տարածքին մէջ։ Ինչպէս գրած է Haaretz պարբերականը, այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը։

«Ատոնք (մարտերը - խմբ.) աւելի մաշտապային պիտի ըլլան եւ պիտի ընդգրկեն ամբողջ Կազայի հատուածը»,- ըսած է Կալանթը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի խօսքով՝ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը պիտի օգտագործէ զինադադարը վերախմբաւորուելու եւ հանգստանալու համար, հետեւաբար, զինադադարի աւարտէն ետք Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը նախ հարուածներ պիտի հասցնէ օդուժի ու հրետանիի միջոցով, եւ միայն անկէ ետք պիտի վերսկսի հետեւակի յառաջխաղացումը։

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլն ու ՀԱՄԱՍ-ը համաձայնութեան եկած էին Կազայի հատուածին մէջ քառօրեայ հրադադարի հաստատման շուրջ, իսկ աւելի վաղ յայտնի դարձած է, որ կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են հրադադարը եւս երկու օրով երկարաձգելու վերաբերեալ։