1959-ին Լիբանանի մէջ կը բացուէր, առաջին անգամ ըլլալով, ամենամեծ զբօսաշրջիկութեան հաստատութիւնը, «Գազինօ տիւ Լիպան»ը, եւ օրին թերթերը կը հաստատէին որ Միջին Արեւելքի մէջ աննախնթաց նախաձեռնութիւն մըն էր այս:
Արձագանգը այս ծրագրի կապակցութեամբ շատ աւելին էր եւ հաստատութեան անձնակազմը պաշտօնէութեան դիմումնագրերը կ’ընդունէր եւ տեսակցութիւններ կ’ունենար: Անշուշտ ես ալ իմ կարգիս շատ հրապուրիչ կը գտնէի դիմել այս գործին եւ ընդունուիլ այս շքեղ հաստատութեան մէջ: Գործէս հրաման առնելով գացի դիմումնագիրս ներկայացնելու: Դիմումնագրիս մէջ յիշած էի ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն լեզուներու տիրապետելս եւ տարիներու փորձառութիւնս: Այս բոլորը շատ լաւ էին ընդունուելու համար եւ ընդունուեցայ, բայց ոչ իմ դիմած գործիս համար, այլ ճաշասրահին մէջ որպէս հիւրեր ընդունող եւ պատասխանատու, պաշտօն մը որ բնաւ չէի մտածած եւ տնօրէնս ըսաւ մեր պէտքը կը գոհացնես, մարզի՞կ ես:
Լիբանան կ’ապրէր իր ոսկէ դարը, բոլոր աչքերը կեդրոնացած էին «Գազինօ տիւ Լիպան»ի վրայ եւ թերթերը կը գրէին թէ արեւը կը ծագէր Պաալպաքէն եւ կը մարէր Գազինօէն, երբ դարձեալ պիտի ծագէր:
Համաշխարհային այցելուներ ներկայութիւն էին եւ անոնցմէ կը յիշեմ Լինտըն Ճօնսընը, ԱՄՆ փոխ նախագահը, նախքան նախագահ ըլլալը, Յորդանանի Հուսէյն թագաւորը, Իրանի Շահը՝ Մուհամմատ Րիտա Պահլաուին, միլիարատէր Արիսթօ Օնասիսը, Մօնաքոյի Րէնէ իշխանը, Օմար Շարիֆը եւ շատ ուրիշ քաղաքական եւ անուանի անձնաւորութիւններ:
Գազինօ տիւ Լիպանը բախտախաղի սրահներէն անդին կազմակերպեց համաշխարհային ձեռնարկներ, ինչպէս՝ Եւրոպայի գեղեցկութեան մրցոյթներ, Լիբանանի գեղեցկութեան մրցոյթներ, «Լիտօ»ի շօերը եւ համաշխարհային բեմադրիչ Չարլզ Հանշէզի Հսկայ շօն, որ երեք տարի անդադար ցուցադրուեցաւ:
Այդ շրջանին «Ահրամ» օրաթերթը իր առաջին էջին վրայ կը գրէր.- ինչո՞ւ Եգիպտոս եւս այս քայլը չ’առներ եւ զբօսաշրջիկութեան զարկ չտար Լիբանանի պէս: Իսկ Վիքթօր Մուսայի՝ տիկինը ԱՄՆ-ու նախագահին՝ Ճօն Քէնէտիին նամակ մը կ’ուղղարկէր հրաւիրելով Ամերիկայի Շօ պիզնէսի մասնակցութիւնը Գազինօէն ներս: Պատասխանը կը հասնէր 10 օր ետք, նախագահը կ’ընդառաջէր եւ երկու օդանաւ կը ղրկէր: Առաջինը կը բերէր Պրոտուէի կարեւորագոյն արուեստի աշխարհին մէջ Հէլէն Հայզը իր խումբով, իսկ երկրորդ օդանաւ մը կրելով անոնց բոլոր ցուցադրութեան իրերն ու տարազները: Անշուշտ այս մէկը օրինակ մըն էր անհամար համերգներուն եւ ձեռնարկներուն որոնցմէ դարձեալ կը յիշեմ Ժիլպէր Պէքօն, Ժագ Պրէլը Տալիտան, Ֆէյրուզը եւ Րահպանի եղբայրները, Ֆարիտ Աթրաշը եւ շարքը երկար է:
Գործի երթալը կեանքի հաճոյք էր միշտ: Պարտականութիւն չէր ինծի համար այլ դպրոց, հետաքրքրական աշխարհներու դուռեր կը բացուէին առջեւս եւ ես ամբողջութեամբ նուիրուած էի նորը եւ գեղեցիկը ներմուծելու իմ ասպարէզիս մէջ, ապրելով իւրաքանչիւր օր նոր արկածախնդրութիւն մը: Օրերը կը սահէին ուրախ եւ խաղաղ:
Գազինօյի օրերէս կը յիշեմ դէպք մը որ բնաւ կարելի չէր մոռնալ: Օր մը երբ մեր գործը աւարտած տուն կը վերադառնայինք, արկածի հանդիպած եւ շրջած ինքնաշարժ մը տեսանք, ամայի էր ճամբան այդ առաւօտեան կանուխ ժամերուն: Երկու գործընկերներուս հետ անմիջապէս իջնելով նկատեցինք որ մեր յաճախորդներէն՝ Սուրիացի գործատէր՝ Օսման Աքիտին էր, Ֆրանսացի իր հիւրերուն հետ: Կինը ինքնաշարժէն դուրս ինկած արդէն մահացած էր, բայց Օսման Աքիտին արիւնլուայ ֆրանսերէնով կ’ըսէր ողջ է Քրիսթինը, ողջ է: Անշուշտ ամենաարագ ձեւով փորձեցինք հասցնել զիրենք հիւանդանոց եւ ստոյգ մահէ ազատեցաւ ան: Ապագինումէն ետք ան եկաւ մեզ տեսնելու, իսկ երկար-երկար տարիներ ետք ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իր պանդոկներու շարքերուն ամենակարեւորագոյնին մէջ, զիս հրաւիրելով աշխատանքի:
Նաթալի Քէնտիրճեան
(շար. 8)