Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 2026-ի արդ եւս-ի տասը նպաստառուները: Այս տարի եւս, ժամանակակից մշակոյթ ձեւաւորողները զայն կը դիտարկեն որպէս ընկերային ենթակառուցուածք՝ կենդանի ու շնչող ցանց մը, որ արեւմտահայերէնը կը գործարկէ շարժապատկերի, թուային գործիքներու, երաժշտութեան եւ բեմականացման միջոցով:
Հայկական համաշխարհային բնապատկերին շարունակ զարգացումի պայմաններուն, արդ եւս նպաստի ծրագիրը կը մնայ կենսական հարթակ մը ժամանակակից ստեղծագործողներուն համար, որոնք արեւմտահայերէնը կը գործածեն որպէս նորարար արտայայտութեան գործուն միջոց: Այս փուլին ընտրուած ծրագիրները ցոյց կու տան թէ արուեստը ինչպէ՛ս կրնայ կամրջել սահմաններ՝ իրար միացնելով հայկական Սփիւռքի համայնքները, ձայներն ու յիշողութիւնները:
Այս տարուան ընտրութիւնը կը ներկայացնէ աշխարհագրական լայն տարածում՝ Լիբանանէն եւ Հայաստանէն մինչեւ Ֆրանսա, Գերմանիա, Գանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ արտացոլելով արեւմտահայ ստեղծագործական աշխարհի համաշխարհային բնոյթը:
Նպաստառուները եւ նախագիծերը.
- Արման Փեշտմալճեան՝ (Հայաստան/Ֆրանսա/ԱՄՆ)՝ 1001 ձայն. Երաժշտական նախագիծ մը, որ կը հետազօտէ համաշխարհային հայկական փորձառութեան բազմազան ձայնային արտայայտչաձեւերը։ Հինգ նոր արեւմտահայերէն գործեր՝ հիմնուած նորագիր կամ ստեղծագործաբար թարգմանուած արդի բնագիրներու վրայ։
- Հայ ստեղծագործներ (ԱՄՆ/Խումբ)՝ Այն բառերը, որոնք մեզի կը նուիրեն. ցրուած դպրոցներ. Հրատարակութիւն մը, որ պիտի բաղկանայ հաւաքածոէ մը, ուր իւրաքանչիւր ներդրում կ’առաջարկէ արեւմտահայերէնի թարգմանութեան եւ կիրարկումի փորձարական դպրոց մը։
- Քրիստոֆըր Ադամեան, Թամար Յովսէփեան, Նանէ Դաւթեան (ԱՄՆ/Հայաստան/Խումբ)՝ Աննա Պօղիկեան. վաւերագրական ֆիլմ. Շարժապատկերային դիմանկար մը՝ հանրայայտ արդի արուեստագէտ Աննա Պօղիկեանի մասին, որուն գործերը զգալիօրէն ձեւաւորած են ինքնութեան, յիշողութեան, նիւթականութեան եւ մշակութային շարունակականութեան շուրջ ծաւալած տրամասումները արդի արուեստի աշխարհին մէջ։
- Յակոբ Մանուկեան (Լիբանան/Հայաստան)՝ Լիբանանի հայկական հնչիւնապնակը. Ֆիլմ մը որ պիտի վաւերագրէ Լիբանանահայ համայնքի ինքնատիպ հնչիւնային համայնապատկերը եւ երաժշտական ժառանգութիւնը՝ քննելով թէ արուեստն ու լեզուն ինչպէ՛ս կ’արտացոլեն իրենց ժամանակը, եւ թէ ինչպէ՛ս պատմական, քաղաքական ու տնտեսական ուժերը կը ձեւաւորեն արուեստի ուղղութիւնն ու արտայայտչաձեւերը։
- Հրանդ Գալեմքէրեան (Ֆրանսա/Լիբանան)՝ ՕԴԱԲԵՐԻԿ. Նախագիծ մը որ պիտի ներկայացնէ վաւերագրական-յորինովի շարք մը բաժնելու աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու պատմութիւնները եւ զանոնք բերելու Պուրճ Համուտ՝ վերստին պատմուելու համար։ Կարճ տեսահոլովակներու միջոցով ան պիտի սփռէ սփիւռքեան պատմութիւններ, որոնք կը միախառնեն երեւակայական եւ իրական տարրեր։
- Մարլէն Ետոյեան (Գանատա/Հայաստան)՝ Լեզուի հոգե-աշխարհագրութիւնը. Հետազօտութիւն մը թէ շրջապատն ու մեր բնակած տարածքները ինչպէ՛ս կը ձեւաւորեն ընկալումներ, վարքագիծեր ու փորձառութիւններ։ Փորձագրական խառնածին ֆիլմ մը, որ լեզուին կը մօտենայ հոգե-աշխարհագրութեան պրիսմակով։ Ֆիլմը կը քննէ թէ լեզուն ինչպէ՛ս կը գոյատեւէ երբ կը զրկուի կայուն աշխարհագրութենէ, եւ թէ ինչպէ՛ս կը վերաձեւաւորէ ինքնութիւնը ժամանակի եւ տարածութեան մէջ։
- Նիակարա Արմինէ Նէժ Թոնոլի (Ֆրանսա)՝ Երկու անգամ մեկնածները. Յուզիչ հայեացք մը տեղահանութեան շերտերուն եւ ինքնութեան դիմակայութեան։ Վաւերագրական ֆիլմ մը Ֆրանսայի Ռոնի հովիտի հայ ընտանիքներուն մասին, որոնք մասնակցեցան դէպի Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձութեան՝ 1936-ին եւ 1947-ին։
- Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան (Գերմանիա)՝ Լեզուներ. Հետազօտութիւն մը՝ գիրքը որպէս Սփիւռքն ու բազմալեզուութիւնը հասկնալու միջոց։ Բազմալեզու, փորձարական գիրք մը՝ հիմնուած Գրիգոր Պըլտեանի համանուն արեւմտահայերէն բնագիրին վրայ։ Նախագիծը կը համադրէ ընտրուած հատուածներ եւ Սփիւռքի ու բազմալեզուութեան շուրջ փորձագրական խորհրդածութիւններ՝ լուսանկարչական աշխատանքի հետ։
- Սէրլի Խաչիկօղլու (ԱՄՆ)՝ Լեզուներու միջեւ. յիշողութեան լեզուն. Բազմազգայական ցուցահանդէս մը եւ անոր ընկերակցող կայքէջ մը, որ կը հետազօտէ հայկական միջսերնդային ինքնութիւնը՝ արեւմտահայերէնը դիտելով որպէս հոգածութեան, գոյատեւումի եւ պատկանելիութեան լեզու։ Գործ մը որ արմատաւորուած է անձնական եւ ընտանեկան պատմութիւններու մէջ՝ զանոնք հիւսելով տեսողական արուեստի, գրութեան, ձայնային եւ արխիւային նիւթերու միջոցով։
- Ցոլակ Գալստեան (Հայաստան)՝ Մարմնաւորուած լեզու. «Նուար» (noir) ոճի պարային ֆիլմերու եռերգութիւն մը, որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան ներքին ուժը կը թարգմանէ շարժումի եւ ստուերի լեզուով։ Միջգիտակարգային նախագիծ մը, որ կը ստեղծէ պարային երեք կարճ ֆիլմեր՝ իւրաքանչիւրը ոգեշնչուած արեւմտահայ մեծանուն բանաստեղծի մը գործէ։
Այս նախագիծերուն սատարելով՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ մշակոյթը դիտել որպէս հիմնարար ենթակառուցուածք: Այս գործերը աւելին կ’ընեն, քան պարզապէս լեզուն պահպանելը. անոնք կը նորարարեն լեզուով՝ ապահովելով արեւմտահայերէնի մնայուն կապը քննական մտածողութեան հետ, արուեստի գերազանցութեան եւ ընկերային կապի միջոց:
արդ եւս|in view նպաստներ կը տրամադրէ՝ մինչեւ 10,000 եւրօ, իւրաքանչիւր նախագիծի համար: Անհամբեր կը սպասենք այս նախագիծերուն իրականացումին. անոնց յառաջիկայ տարիներուն պիտի ներկայացուին թուային հարթակներու, ցուցադրութիւններու եւ կահոնքներու միջոցով:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել