image
Հրատապ լուրեր:

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքը նպաստներ բաշխեց

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքը  նպաստներ  բաշխեց

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը քանի մը շաբաթներու ընթացքին, ուտեստեղէնի իր բաշխումները աւարտեց 25 Նոյեմբերին, հնդկահաւեր եւ ընդեղէն բաժնելով կարիքաւորներուն, անոնց տօնական օրերու ուտելիքի պէտքերը բաւարարելու նպատակով։ Այս ծրագիրը իրականացնելու համար, ՀՕՄը աշխատակցեցաւ շրջանի հայկական դպրոցներու եւ նուիրատուներու հետ։

Գոհաբանութեան տօնէն երկու օր առաջ, 25 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ, ՀՕՄի Կլենտէյլի կեդրոնին առջեւ կարիքաւորները սկսան սպասել կարգի՝ իրենց ձրի հնդկահաւերը եւ ուտեստեղէնը յանձն առնելու համար, հոն հաւաքուած պաշտօնեաներու եւ կամաւորներու օժանդակութեամբ։

«Շամսի» փաստաբանական հաստատութիւնը տրամադրած էր 150 հնդկահաւեր, իսկ շրջանի հայկական դպրոցներու աշակերտներ  հազարաւոր փաունտ բրինձ, ոսպ, լուբիա, տուփեղէն եւ այլ ուտելիքներ տրամադրած էին։ Մասնակցող աշակերտները Հայ աւետարանական Մերտինեան, Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան եւ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարաններէն էին։

ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը նաեւ մասնակցեցաւ քոնկրեսական Ճուտի Չուի (Քալիֆորնիոյ 28րդ շրջան) 13 Նոյեմբերին Ալթատինայի համայնքային կեդրոնին մէջ հնդկահաւերու բաշխումին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի գաւառային վերահսկիչ Հիլտա Սոլիսի (Ա. շրջան) 21 Նոյեմբերի «Սիթի Թերըս Փարք»ին մէջ հնդկահաւերու բաշխումին։

Այսպիսով, շուրջ 300 ընտանիքներ տօնական օրերու առիթով ստացան նուիրատուութիւններ։ Իսկ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Հայց. եկեղեցւոյ 19 Նոյեմբերի բաշխումէն օգտուեցան շրջանի կարօտեալներ։

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակները հիմնուած են 1979ին, եւ այժմ անոնք կը գործեն ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ, Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ, իբրեւ ոչ-շահութաբեր 501(c)(3) կազմակերպութիւններ։ Եթէ կը փափաքիք Ընկերային ծառայութեան, Հոգեբանական կեդրոնին կամ տեղական այլ ծրագիրներու համար նուիրատուութիւն կատարել՝ կրնաք ձեր նուէրները փոխանցել arswestusa.org/donate/ կայքին միջոցով, «Where can we designate your gift?» հարցումին ձեր ընտրութիւնը ընելով, կամ ուղղակի ձեր նուիրատուութիւնը ուղարկելով ARS of Western USA, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202-2812 հասցէին։

ՀՕՄը հիմնուած է 1910ին Նիւ Եորքի մէջ, իբրեւ ոչ-յարանուանական, մարդասիրական կազմակերպութիւն մը։ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը հիմնուած է 1984ին, թէեւ 1915էն ի վեր Ֆրեզնոյի մէջ եւ 1918էն ի վեր՝ Հոլիվուտի մէջ կը գործէին ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղերը։ Քալիֆորնիոյ, Արիզոնայի, Նեւատայի եւ Թեքսասի մէջ կը գործեն 24 մասնաճիւղեր, շուրջ 1200 անդամներով, մէկ մանկամսուրով եւ 11 շաբաթօրեայ վարժարաններով։ ՀՕՄը նաեւ կրթանպաստներ կը տրամադրէ երկրորդական վարժարան աւարտող եւ համալսարան յաճախող ուսանողներու։

ՀՕՄը իր ընկերային եւ հոգեբանական կեդրոններով, մարդասիրական, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներով կը շարունակէ իր ծառայութիւնները կարեկից ոգիով եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստակամութեամբ։