image
Հրատապ լուրեր:

Հնդկաստանը Հայաստանին 478 միլիոն դրամ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ

Հնդկաստանը Հայաստանին 478 միլիոն դրամ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ

Հայաստանի համայնքներու զարգացմանն ուղղուած բարձր արդիւնաւէտութիւն ունեցող ծրագրերու իրականացման նպատակով Հնդկաստանի կառավարութիւնը Հայաստանին 478 272 300 մլն դրամի դրամաշնորհային աջակցութիւն պիտի տրամադրէ:

Կառավարութիւնն այսօրուան նիստին հաստատեց, որ նշուած գումարը պիտի տրամադրուի գլխաորապեէս համայնքներու ընկերային-տնտեսական զարգացման, կենսամակարդակի բարելաւմանն ուղղուած ծրագրերուն, կանանց կարողութիւններու զարգացման, երեխաներու բարեկեցութեան ապահովման եւ համայնքային կեանքի դիւրացման, մասնաւորապէս` բժշկական կրթութեան, կրթութեան, հասարակութեան առանձին թիրախային խումբերուն մէջ ներառականութիւնն ապահովող, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան, միքրոոռոգման, վերականգնուող ուժանիւթի, առեւտուրի, փոխադրութեան ու հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ստեղծման։

Հնդկաստանի օժանդակութեամբ մարդասիրական եւ տեխնիկական oգնութեան ծրագրերու ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ մինչ օրս իրականացած են բազմաթիւ ծրագրեր, Հնդկաստանի կողմէ Հայաստանին տրամադրուած են շարք մը մարդասիրական օգնութիւններ։

Յիշեցնենք` դրամաշնորհային պայմանագիրը ստորագրուած էր 4 յուլիս 2022-ին։

Կառավարութեան այսօրուան որոշմամբ այն դրական եզրակացութեամբ պիտի ներկայացուի ՀՀ նախագահի հաստատման։

Նախագահի հրամանագրէն ետք դրամաշնորհի պայմանագիրն ուժի մէջ պիտի մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրէն։