image

Հնդկաստանի մէջ. Արման Չիլինգարեանի «Լոյսի կաթիլներ» ֆիլմը ուշադրութեան կեդրոն

Հնդկաստանի մէջ. Արման Չիլինգարեանի «Լոյսի կաթիլներ» ֆիլմը ուշադրութեան կեդրոն

Բեմադիր Արման Չիլինգարեանի «Լոյսի կաթիլներ» ժապաւէնը Հնդկաստանի միջազգային փառատօնին (Mysuru International Film Festival) արժանացած է «լաւագոյն բեմադիր» մրցանակին։ Լուրը հաղորդած են Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնէն։

Ֆիլմը, որ նկարահանուած է պետական գանձատրման աջակցութեամբ, դիտողը կը փոխադրէ 1990-ականներու սկիզբը, երբ Հայաստան ծանր օրեր կ՚ապրէր՝ մխրճուելով ուժանիւթի ճգնաժամի, պատերազմի սարսափներու եւ կազմաւորման փլուզման խաւարին մէջ։ Սակայն ֆիլմին հերոսները, ինչպէս այս դարաշրջանը վերապրած սերունդը, կը փորձէին լոյսի շողեր գտնել անյոյս թուացող իրականութեան մէջ՝ զիրար օժտելով սիրոյ, հաւատքի, յոյսի շողերով։

Նշենք, թէ այս ժապաւէնին մէջ իր վերջին դերը խաղացած է սիրուած դերասան Վիգէն Ստեփանեան: 

 

Լուրը «Նոր Յառաջ»էն