Հայկական կրթական նորարարութեան ամենայաջող օրինակներէն մէկը՝ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը, կը շարունակէ իր միջազգային ընդարձակումը՝ այս անգամ նոր դրոշմ ձգելով Լատինական Ամերիկայի մէջ։ Պուէնոս Այրեսի եւ Մոնթեվիտէոյի մէջ նոր կեդրոններու բացումով, ԹՈՒՄՕն ոչ միայն հազարաւոր երիտասարդներու առջեւ կը բանայ ժամանակակից կրթութեան դռները, այլ նաեւ կը վերահաստատէ իր առաքելութիւնը՝ ապագայի սերունդը պատրաստել արագ փոփոխուող աշխարհին։ Արհեստական բանականութենէն մինչեւ խաղերու ստեղծում ու ծրագրաւորում, այս նախաձեռնութիւնը կը վերածուի համաշխարհային կրթական շարժումի մը, ուր ստեղծարարութիւնը եւ գիտելիքը կը միաւորուին մէկ յարկի տակ։
Արժանթին, Պուէնոս Այրես
Անցնող 22 Ապրիին Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ ԹՈՒՄՕ կեդրոնի պաշտօնական բացումը՝ ներկայութեամբ քաղաքի կրթութեան նախարար Մերսետէս Միկէլի եւ քաղաքապետ Խորխէ Մաքրիի։ Անոնց միացած էին նաեւ ԹՈՒՄՕ-ի զարգացման գծով տնօրէն Բեկոր Փափազեան, միջազգային ծրագիրներու ղեկավար Քրիս Շահինեան, ինչպէս նաեւ ԹՈՒՄՕ-ի գլխամասէն ու տարբեր կեդրոններէ ժամանած ներկայացուցիչներ, որոնք կը մասնակցէին նաեւ ԹՈՒՄՕ-ի միջազգային համաժողովին։
Նոր կեդրոնը հիմնուած է Պուէնոս Այրէսի կրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար։ Նունիէս շրջանի կեդրոնը շաբաթական պիտի ընդունի մինչեւ 4500 ուսանող։ Անոնք հմտութիւններ պիտի ձեռք բերեն եռաչափ ձեւաւորման, խաղերու ստեղծման, գծանկարչական ձեւաւորման, շարժական գծանկարչութեան, լուսանկարչութեան եւ ծրագրաւորման բնագաւառներէն ներս, իսկ յետագային պիտի աւելնան նաեւ արհեստական բանականութիւնն ու կայքերու մշակումը։
Նախատեսուած է մինչեւ տարեվերջ նոր կեդրոն մը եւս բանալ Չաքարիթա շրջանին մէջ։
Այս առիթով Բեկոր Փափազեան նշեց․ «Յաջորդ սերունդը պիտի ժառանգէ հնարաւորութիւններով լեցուն ապագայ մը, որ միաժամանակ կը բերէ արհեստագիտական, բնապահպանական, ընկերային եւ աշխարհաքաղաքական լուրջ մարտահրաւէրներ։ Մեզի համար կարեւոր է երիտասարդները զինել անհրաժեշտ հմտութիւններով, որպէսզի անոնք վստահութեամբ եւ պատրաստուած դիմագրաւեն արագ փոփոխուող աշխարհը»։
Մոնթեվիտէոյի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի բացումը

Իսկ 8 Ապրիլին Մոնթեվիտէոյի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ ԹՈՒՄՕ-ի Ուրուկուայի կեդրոնը։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Ուրուգուայի նախագահ Եամանտու Օրսին, Corporación America Airports-ի գործադիր տնօրէն Մարթին Էռնեկեան, ԹՈՒՄՕ-ի միջազգային ծրագիրներու ղեկավար Քրիս Շահինեան եւ այլ հրաւիրեալներ։
Կեդրոնը գործարկուած է Aeropuertos Uruguay, Corporación America Airports եւ Ceibal կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցաբար։
Միջոցառման ընթացքին Google-ի Southern Cone շրջանի հանրային քաղաքականութեան եւ կառավարական յարաբերութիւններու պատասխանատու Թամար Քոլոտենքօ յայտարարեց, թէ Google-ը յառաջիկայ երկու տարիներուն պիտի համագործակցի ԹՈՒՄՕ-ի Ուրուգուայի մասնաճիւղին հետ՝ բարձրորակ կրթութիւնը աւելի հասանելի դարձնելու նպատակով, յատկապէս արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ։
ԹՈՒՄՕ LEADS միջազգային համաժողով

Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի բացումէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ ԹՈՒՄՕ-ի երրորդ միջազգային համաժողովը՝ «ԹՈՒՄՕ LEADS»-ը։
Ալպանիայէն, Ամերիկայէն, Արժանթինէն, Գերմանիայէն, Իսպանիայէն, Հայաստանէն, Հնդկաստանէն, Ճափոնէն, Նետըրլանտներէն, Ուրուգուայէն եւ Փորթուգալէն ժամանած 48 մասնակիցներ, որոնք կը ներկայացնէին ԹՈՒՄՕ-ի 17 կեդրոններ, հաւաքուեցան քննարկելու ուսանողական փորձառութեան, համայնքային ներգրաւուածութեան, համագործակցութիւններու եւ ուսուցման նորարարութեան վերաբերող հարցեր։
Այս տարուան համաժողովի ընդհանուր խորագիրն էր՝ «Մարդկային, ստեղծարար, գիտակից․ ի՞նչպիսին պէտք է ըլլայ ուսուցումը»։