image

Հնարաւոր լուծումի կողմ են. Չինաստան մեկնաբանած է Փութինի յայտարարած զօրահաւաքը

Հնարաւոր լուծումի կողմ են. Չինաստան մեկնաբանած է Փութինի յայտարարած զօրահաւաքը

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի այսօրուայ տեսաուղերձը, որուն մէջ ան յայտարարած է մասնակի զօրահաւաք, գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն:

«Մենք կողմերուն երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով հրադադարի հասնելու, կողմերէն իւրաքանչիւրի անվտանգութեան օրինական մտահոգութիւնները հաշուի առնող լուծումը հնարաւորինս շուտ գտնելու կոչ կ'ընենք: Մենք նաեւ յոյսով ենք, որ միջազգային համայնքը այդ մէկը յաջողցնելու համար հնարաւորութիւն կը ստեղծէ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին մասնակի զօրահաւաքի մասին հրամանագիր ստորագրած է:

«Արեւմուտքը հատած է բոլոր սահմանները, անպատասխանատու քաղաքական գործիչները կը խօսին Ուքրանիոյ յարձակողական զէնքի մատակարարման, Ռուսիոյ դէմ ռազմական հարուածներու մասին», - ըսած է Փութին:

Յիշեցնենք, որ ՌԴ-ն 24 փետրուարէն յատուկ ռազմական գործողութիւն կ'իրականացնէ Ուքրանիոյ մէջ: