image

ՀՀ Ընդհանուր Հիւպատոսը այցելած է Ազգային Առաջնորդարան

   ՀՀ Ընդհանուր Հիւպատոսը այցելած է Ազգային Առաջնորդարան

 

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ Ընդհանուր Հիւպատոսը այցելած է Ազգային Առաջնորդարան Օրերս Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան այցելած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ Ընդհանուր Հիւպատոս Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան։

 Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Առաջնորդարանի Դիմատետրեան պաշտօնական էջէն ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2023-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Ընդհանուր Հիւպատոս՝ Տիար Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանի այցելութիւնը: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան: 

 Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Դոկտ. Իսրայէլեանը եւ բարի գալուստ մաղթեց անոր՝ դիտել տալով, որ Ազգ. Առաջնորդարան եւ հայրենի դեսպանութիւն կապը տասնամեակներէ ի վեր եղած է աշխուժ, զօրակցական եւ փոխադարձ գործակցութեան վրայ հիմնուած, ապա յոյս յայտնեց, որ նոյն ջերմութեամբ ալ կը շարունակուի: 

 Դոկտ. Իսրայէլեան իր կարգին մաղթեց սերտ գործակցութեան յարատեւութիւն եւ համահայկական ծրագիրներու յաջողութիւն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ հանդիպման ընթացքին ծաւալած մտերմիկ զրոյցի համար:

Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ ստեղծուեցաւ առիթ՝ Հայաստան-Արցախի եւ լոսանճելըսահայութեան կեանքը յուզող զանազան հարցերու մասին երկուստեք արտայայտուելու եւ յուսադրական թոնով մը հայ ժողովուրդի ապագային նայելու: