image

ՀՀ վարչապետը մասնակցած է «Խաղաղութեան խորհուրդի» նիստին եւ Կանոնադրութեան ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան

ՀՀ վարչապետը մասնակցած է «Խաղաղութեան խորհուրդի» նիստին եւ Կանոնադրութեան ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Տաւոսի մէջ ստորագրած է Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութիւնը։

ՀՀ վարչապետը Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութեան ստորագրման արարողութեան մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրով։

Իր ելոյթին մէջ Թրամփ կրկնած է այն պնդումը, որ պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր ինքը վերջ դրած է ութ պատերազմի, այդ շարքին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Ան աւելցուցած է, որ մէկ այլ կարգաւորում «կը սպասուի շատ շուտով»՝ նկատի ունենալով Ուքրանիան:

Աւելի վաղ ՀՀ վարչապետը Միացեալ Նահանգներու նախագահէն ստացած էր Խաղաղութեան խորհուրդին որպէս հիմնադիր անդամ միանալու առաջարկ, որ ընդունած էր։

Յունուար 22-ին Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած է Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութեան ստորագրման արարողութիւնը, եւ ի թիւս այլ երկիրներու ղեկավարներու՝ այն ստորագրած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Նիկոլ Փաշինեանը կանոնադրութիւնը ստորագրելու հրաւէրուած է Արժանթինի նախագահ Խավիէր Միլէյի հետ։