Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է «Armenian Helicopters» ընկերութիւն, ծանօթացած ընկերութեան գործունէութեան, զարգացման ռազմավարութեան եւ օդագնացութեան ոլորտին մէջ գործադրուող ծրագիրներուն:
Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութենէն, շրջայցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուած են պետական նշանակութեան ծառայութիւններու, բժշկական եւ զբօսաշրջային ուղղութիւններով ընկերութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքները: Մանրամասնութիւններ ներկայացուած են բժշկական տարհանման եւ շտապ բժշկական ուղղաթիռային թռիչքներու, արկածային զբօսաշրջութեան եւ փոքր թռիչքներու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ:
Երկրի ղեկավարին նաեւ ներկայացուած են պետական գերատեսչութիւններու՝ Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան հետ համագործակցութեան եւ համատեղ ծրագրերու հնարավորութիւնները: Կարեւորուած է մասնաւոր եւ պետական հատուածներու միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման: