Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ Յունիս 28-ի լոյս 29-ի գիշերը ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ` չի համապատասխաներ իրականութեան:
Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: