Ատրպէյճանի հերթական հակահայկական ձեռնարկը, այս անգամ՝ ՄԱԿ-ի մէջ տապալած է: Այս մասին կը հաղորդէ aysor.am-ը, նշելով, որ ամիսներ շարունակ ՄԱԿ-ի վերին օղակներուն մէջ Ատրպէյճանը փորձած է խանգարել Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութիւնը:
Պաքուն ակնյայտօրէն ուզած է խանգարել Արման Թաթոյեանի աշխոյժ մասնակցութիւնը՝ միջազգային հարթակներու վրայ Լեռնային Ղարաբաղին առնչուող հարցերու քննարկումներուն, եւ ՄԱԿ-էն պահանջած է սահմանափակել անոր գործունէութիւնը միջազգային այս կառոյցէն ներս ու զրկել ամենաբարձր՝ A կարգավիճակէն:
Ատրպէյճանի այս նախաձեռնութիւնը, սակայն, ՄԱԿ-ի մէջ արդիւնք չէ տուած: Պարզուած է՝ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը գոհ է Հայաստանի Պաշտպանի աշխատանքէն եւ կարեւոր կը համարէ համագործակցութիւնը անոր հետ: