image

Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը մտահոգիչ է. Պերպոք

Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը մտահոգիչ է. Պերպոք

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը, ելոյթ ունենալով Պաքուի մէջ ընթացող COP29-ին, խիստ քննադատութիւն հնչեցուցած է Ատրպէյճանի հասցէին, նշած՝ այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը մտահոգիչ է:

Պերպոքը յիշեցուցած է լրագրողներու, աքթիւիսթներու եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու ձերբակալութիւնները: Ան բացարձակ անընդունելի համարած է նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի 76 պատգամաւորի համար Ատրպէյճան մուտքի արգելքը:

«Ատոնք կը վերաբերին նաեւ Պունտեսթագի գերմանացի պատգամաւորներուն եւ անհամատեղելի են Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն հետ»,- նշած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը:

Դիւանագէտը կարեւոր համարած է, որ կլիմայի փոփոխութեան վերաբերող համաժողովին քննարկուի նաեւ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը: