image

ՔՊ-ն մերժեց արցախցիներու իրաւունքներու հարցով ԱԺ քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկը

ՔՊ-ն մերժեց արցախցիներու իրաւունքներու հարցով ԱԺ քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկը

Արցախցիներու ընկերային-տնտեսական իրաւունքներու հարցով Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողով պիտի չստեղծուի, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը մերժեց ընդդիմութեան առաջարակութիւնը։

Մինչ քուէարկութիւնը «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը ներկայացուցած է իշխող մեծամասնութեան դիրքորոշումը։ Ըստ Կոնջորեանի՝ ՀՀ կառավարութիւնը եւ կառավարող խմբակցութիւնն առաջին իսկ օրէն բազմաթիւ ծրագրեր իրականացուցած են, շարք մը օրէնսդրական կարգաւորումներ ներդրած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու կենսագործունէութեան պայմաններու ապահովման, ընկերային աջակցութեան, բնակարանային ապահովութեան եւ շարք մը այլ ծրագրերու ուղղութեամբ։

«Մենք կարծում ենք, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնն իր պատգամաւորական գործառոյթների շրջանակներում օժտուած է բոլոր լիազօրութիւններով եւ լծակներով, որ անի հարցադրումներ, փորձի գտնել այն բոլոր փաստերը կամ տեղեկութիւնները, որոնք մտահոգում են այս գործընթացների հետ կապուած»,- նշած է Կոնջորեանը։

Ան աւելցուցած է՝ պատրաստ են տարբեր ձեւաչափերով աշխատելու եւ համագործակցելու ընդդիմութեան հետ, սակայն, ըստ Կոնջորեանի, ընդդիմութիւնը երէկ չկարողացաւ փաստարկուած հիմնաւորում ներկայացնել, թէ ինչու կ՚ուզեն իրենց յուզող հարցերու պատասխանները ստանալ միայն քննիչ յանձնաժողովով։

Իր հերթին «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը յայտարարած է՝ իշխող մեծամասնութեան կողմէ սա փորձ է հրաժարելու սահմանադրական պարտականութիւններու կատարումէն։

«Ուզում եմ յիշեցնել, որ քննիչ յանձնաժողովի կարեւոր առաքելութիւններից մէկը հենց պառլամենտի վերահսկողական գործառոյթի ներկայացումն է»,- նշած է Մինասեանը՝ աւելցնելով, որ հսկայական միջոցներ կը յատկացուին Արցախի ժողովուրդի կենսապայմաններու բարելաւման համար։ Խորհրդարանը պարտաւոր է իրականացնել արդիւնաւէտ վերահսկողութիւն, որու կարեւոր առաքելութիւններէն մէկը այս պէտք է ըլլար։

20 վայրկեան յայտարարուած ընդմիջէն ետք, 28 կողմ, 56 դէմ ձայներով մերժուեցաւ «Բռնի տեղահանուած եւ ՀՀ տեղափոխուած Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կենսագործունէութեան պայմաններն ուսումնասիրելու նպատակով Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովի անդամներու թիւը սահմանելու մասին» նախագիծը։

Աւելի վաղ՝ սեպտեմբեր 25-ին յայտնի դարձաւ, որ ՀՀ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 20-րդ յօդուածի 1-ին մասի համաձայն` պատգամաւորների ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ քառորդի պահանջով բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կենսագործունէութեան կազմակերպման պայմաններն ուսումնասիրելու նպատակով իրաւունքի ուժով ստեղծուած է Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողով։ Սակայն իրավիճակն է այնպիսին է, որ իրաւունքի ուժով յանձնաժողով կայ, նախագահն ալ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանն է, սակայն յանձնաժողովն անդամներ չունի, հետեւաբար չի կրնար գործել։

Յիշեցնենք՝ երէկ Ազգային Ժողովի մէջ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը, խօսելով յանձնաժողովի մասին, առաջարկեց յանձնաժողովի անդամներու թիւը սահմանել 17` նկատի առնելով ոլորտի աշխատանքային մեծ ծաւալները եւ հաշուի առնելով հանգամանքը, որ այս թիւը պիտի բաժանուի խմբակցութիւններու միջեւ։ Ըստ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու առաջարկի՝ 17 անդամներէն 11–ը պիտի ըլլային ՔՊ–էն, 5 ներկայացուցիչ «Հայաստան» խմբակցութենէն եւ մէկ ներկայացուցիչ՝ «Պատիւ ունեմ»–էն։

Ըստ անոր՝ նպատակը բացարձակապէս այս հարցն աւանդական ընդդիմութիւն–իշխանութիւն առաճակատումներու դաշտ տեղափոխելը չէ, այլ փորձել հասնիլ Արցախի ժողովուրդի կենսապայմաններու բարելաւման եւ այդ իրականացնել Սահմանադրութեամբ ու օրէնքով նախատեսուած յստակ գործիքակազմի միջոցով։