ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը պահանջէ, որ արցախցիները չմասնակցին Հայաստանի մէջ կատարուող հաւաքներուն։ Այս մասին յայտնած է փաստաբան Ռոման Երիցեան։
«ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը առաւել ակտիվ արցախցիներին հրաւիրում է ծառայութեան շէնք եւ տեղում յորդորում, իսկ ոմանց նաեւ պահանջում ընդհանրապէս չմասնակցել Հայաստանում կազմակերպուող հաւաքներին»,– գրած է Երիցեան դիմատետրեան իր էջին։ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը պահանջէ, որ արցախցիները չմասնակցին հաւաքներուն. փաստաբան
Ըստ Երիցեանին` կանչի նպատակը նախապէս չեն պարզաբաներ, կը խնդրեն ներկայանալ առանց փաստաբանի, տեղւոյն վրայ կը պահանջեն յանձնել հեռախօսները, իսկ խօսակցութիւնը պահել գաղտնի։