Ուքրանիոյ իշխանութիւնները պէտք է ԱՄՆ-ի առաջարկն ուքրանական հազուագիւտ հողային պաշարներու օգտագործման մասին դիտարկեն որպէս անվտանգութեան երաշխիքներու բաղադրիչ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին Fox Business հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցերով ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնաց Քիթ Քելոկը։
«Իմ կարծիքով՝ այդ տնտեսական համագործակցութիւնն սկսիլը գերազանց գաղափար է, քանի որ այն կ՚ապահովէ Ուքրանիոյ անվտանգութիւնը: Անոնք կ՚իմանան, որ Միացեալ Նահանգները տնտեսապէս ներգրաւուած է, եւ մենք տնտեսական շահարգռուածութիւն ունինք Ուքրանիոյ մէջ: Այդ անվտանգութեան երաշխիքներու մաս է Ուքրանիոյ համար, եւ անոնք պէտք է ատոր նային այդ կերպ», -ըսած է պաշտօնեան:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն Քիեւը կը համաձայնի հազուագիւտ հողային մետաղներու ոլորտի մէջ առաջարկուող գործարքին։
«Անոնք թանկարժէք մետաղներ շատ ունին: (ԱՄՆ) ֆինանսներու նախարարը եղած է Քիեւ, ան գացած է (Ուքրանիոձ նախագահ) Զելենսքիի հետ քննարկելու…. վճարումները թանկարժէք մետաղներու միջոցով՝ հաշուի առնելով օգնութեան ծաւալը, որ տրամադրած է Միացեալ Նահանգները», -աւելցուցած է Քելոկը: