Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը, որոնք տեղակայուած են ՀՀ 5 մարզի մէջ, պիտի դադրեցնեն իրենց տեղակայումը: Տեղեկութիւնը դիմատետրեան էջին յայտնած է Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը։
«Համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում եւ դրանից յետոյ Տաւուշի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի, Արարատի մարզերում տեղակայուած ռուս սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը կը դադարեցնեն իրենց տեղակայումը եւ դուրս կը գան այդ կէտերից»,– նշած է ան:
Կոնջորեանը նաեւ տեղեկացուցած է, որ բարձրագոյն մակարդակի վրայ հաստատուած է «Զուարթնոց» օդակայանէն Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահներու գործունէութիւնը դադրեցնելու որոշումը: