image

Հենրիխ Մխիթարեանը՝ Հայաստանի 2023 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիսթ

Հենրիխ Մխիթարեանը՝ Հայաստանի 2023 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիսթ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիան ամփոփած է Հայաստանի 2023 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիսթի քուէարկութեան արդիւնքները։ 

Հաւաքելով 81 միաւոր՝ 2023 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիսթ ճանչցուած է իտալական «Ինթըր»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը։

Երկրորդ հորիզոնականը 48 միաւորով զբաղցուցած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Քրասնոտար»ի կիսապաշտպան Էդուարդ Սպերցեանը։

21 միաւորով երրորդ հորիզոնականը զբաղցուցած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Ալ Ֆաթըհ»ի կիսապաշտպան Լուքաս Սելարաեանը:

Քուէարկութեան արդիւնքներուն ամբողջութեամբ կրնաք ծանօթանալ այստեղ։