Աշխոյժ կերպով Երուսաղէմի ՀԵՄ-ը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։
Այս ծիրէն ներս եւ «Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով ՀԵՄ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելած է օրերս վերաբացուած արաբ ուղղափառներու (Օրթոտոքս) սկաուտական միաւորի գլխաւոր կեդրոնը։
Այդ մասին ՀԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Հինգշաբթի, 8 Սեպտեմբեր, 2022-ին, ՀԵՄ-ի Սկաուտ եւ Արենուշ խումբերու ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան Արաբ Օրթոտոքս ակումբի նորոգուած սրահի բացման հանդիսութեան։ Հանդիսութեան աւարտին ընկեր Յակոբ Ճռնազեանը յանձնեց ակումբի ատենապետին Տիար Մովսէս Ժարժուհիի եւ սկաուտապետին Տիար Սլիման Դարզիի յուշանուէր մը, հայկական յախճապակի Սուրբ Յարութեան պատկերով։
Այս ուրախանալի առիթով կը շնորհաւորենք Արաբ Օրթոտոքս ակումբի համայն անդամութիւնը։