image
Հրատապ լուրեր:

«ՀԷՑ–ի բաժնետոմսերը կը հանենք ազատ աճուրդի». Նիկոլ Փաշինեան

«ՀԷՑ–ի բաժնետոմսերը կը հանենք ազատ աճուրդի». Նիկոլ Փաշինեան

«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութիւնը հազիւ պետականացուի, անոր բաժնետոմսերը պիտի հանուին ազատ աճուրդի։ ՀՀ կառավարութեան նիստի ժամանակ այս յայտարարութիւնն ըրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ան նախ նշած է, որ ՀՀ ուժանիւթի ոլորտին մէջ կան խնդիրներ, այդ շարքին`ելեկտրական ուժանիւթի մատակարարման որակի հետ կապուած։

Փաշինեանը պատմած է, որ «Հոմպլեքս» հիփըրմոլի բացման արարողութեան մասնակցած է, եւ այդ ժամանակ մոլը հոսանքազրկուած է։

«Մարդիկ 70 մլն դոլարի ներդրում են արել եւ չեն կարողանում նորմալ բացման արարողութիւն անել։ Այստեղ երկու տարբերակ կայ` կա՛մ յատուկ սաբոտաժ է արուել, կա՛մ համակարգը տեխնիկապէս ի վիճակի չէ։ Երկու դէպքում էլ իրենք (նկատի ունի ՀԷՑ–ը. խմբ.) բոլոր գծերն անցել են, եւ այն, ինչ ասել եմ (ՀԷՑ–ի ազգայնացում/պետականացում. խմբ.), առաջիկայում պէտք է անցնենք դրա իրագործման փուլին։ Այդ գործընթացը չի լինի մէկփուլանի, բայց պետութիւնը շատ արագ պէտք է վերցնի ՀԷՑ–ի կառավարումը։ Հարցը քաղաքական մակարդակով մենք քննարկել ենք»,– յայտարարած է ան։

Ան տեղեկացուցած է, որ ԱԺ արտահերթ նիստով, որ նախատեսուած է յուլիս 1–ին, ՀԷՑ–ի հետ կապուած օրէնսդրական համապատասխան փոփոխութիւնները պիտի իրականացուին։ ՀՀ վարչապետի խօսքով` հազիւ պետութիւնը ստանձնէ ՀԷՑ–ի կառավարումը, ատկէ ետք իրենք աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ պիտի քննարկեն հետագայ սենարները, թէ ինչ պէտք է ընեն։

Ըստ Փաշինեանի` սենարներէն մէկը պիտի ըլլայ այն, որ ՀԷՑ–ի բաժնետոմսերը պիտի դրուին ազատ աճուրդի։

«Այս դէպքում այնպիսի երաշխիքներ պիտի ստանանք, որ ոչ միայն կորպորացիաները, ընկերութիւնները, այլեւ ՀՀ քաղաքացիները հնարաւորութիւն ունենան բաժնետոմսեր ձեռք բերելու եւ, օրինակ, ժառանգելու իրենց երեխաներին։ Նման հեռանկար ունենք նաեւ Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատի հետ կապուած»,– ընդգծած է ան։

Փաշինեանը նշած է, որ այս ամէնը իրենց սկսած գործընթացներու կարեւոր վերջնակէտերէն եւ արդիւնքներէն մէկը պէտք է ըլլայ։