Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը օրերս տողանց մը կազմակերպով նշած է «Աշխատաւորաց օր»ը։
Այս մասին իմացանք Բարեգործականի դիմատետրի էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, տեղի ունեցաւ Բանւորներու տօնի առթիւ Սկաուտական տարեկան մեծ տողանցքը։ Փողերախումբին թմբուկներու և շեփորներու հնչունները առաջնորդեցին Ընկերակցութեանս Սկաուտ-Արենուշներուն, Գայլիկ-Արծուիկներուն նաեւ Մրջնիկներուն խիզախ քայլերը Հալէպի հայաշունչ թաղամասերէն ներս, մասնակցութեամբ` Դամասկոսի մասնաճիւղի տիպար արիներուն։
Գարնանային տաքուկ օդին Խմբուած հայ թէ արաբ ժողովուրդը ծափողջոյներով և գնահատանքի խօսքերով կ՛ընդուներ Մեր Սկաուտներուն շարքը, խանդավառ եւ բարձր տրամադրութեամբ։
Տողանցքը իր աւարտին հասաւ Սկաուտներուն սրտապնդիչ կանչերով Հ.Բ.Ը.Միութեան Կիւլպէնկեան կեդրոնին առջեւ։