image

ՀԲԸՄ 110-ամեակ. Բարձրաձայն հարցադրումներ

ՀԲԸՄ 110-ամեակ. Բարձրաձայն հարցադրումներ

Երկար տարիներու ընթացքին Սփիւռքի մէջ կրթական նախարարութեան դեր ստանձնած Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը օրերս կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը: Յաւուր պատշաճի խօսքերէն անդին միութիւնը նաեւ հետամուտ է իր ծննդեան տարեդարձը նշել լուրջ հարցադրումներ տալով իր ապագայ ընելիքներուն եւ ծրագիրներուն մասին:

Միութեան նախագահը Պերճ Սեդրակեան լրագրողներուն հետ հանդիպում մը ունենալով առանց վարանումի կը յայտարարէր, թէ սփիւռքի մէջ հայապահպանումը բաւականին բարդ փուլի մը մէջ է եւ հազարաւոր երիտասարդներ կը հեռանան իրենց արմատներէն:

Անդին,  միութիւնը, որպէս նոր ձեւաչափ, կը փնտռէ արդիական ոճով գործող գործընկերներ եւ ատոնց մէջ ամէնէն երեւելին IDEA հիմնադրամն ու գործարար Ռուբէն Վարդանեանն են, որոնք իրենց կարգին ամերիկեան թերթերուն մէջ լոյս տեսած հաղորդագրութեամբ մը կարկինը լայն բանալով կը խօսին «կլոպըլ հայ» մօտեցումին մասին, որուն հիմքով հայութիւնը իր պայծառ դէմքով կեդրոնական դեր պիտի ունենայ յառաջիկայ 50 տարիներուն:

Աւելին,   մրցանակի ձեւաչափով իրականացուած նախաձեռնութիւններով (գաղափարը միշտ իրենցն է) հայութիւնը դուրս պիտի գայ «սուգ ու շիւան»էն եւ մտնէ միջազգային թատերաբեմ, որպէս ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար պայքարող գործիք-հաւաքականութիւն:

 

Շատ փայլուն առաջարկ, որուն նախաշաւիղը երեւցաւ անցեալ տարի Երեւանի մէջ իրական դարձած «Աւրորա 100 lives» մրցանակաբաշխութեամբ, որն ինքնին հպարտութեան առիթներ տուաւ մեզի՝ բոլորիս:

Խնդիրը այդ չէ:

Խնդիրը այդ «կլոպըլ հայ»ու կերպարը համալրելն է:

Հիմա հարց պիտի տանք. ո՞վ է ի վերջոյ այն հայը, որ «կլոպըլ հայ» դառնալու հիմնական հիմունքները ունի: Կամ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր «խոհանոց»ին եւ «որոշման կէտերուն» մէջ պատասխանատու մարդիկ երբե՞ւէ մտածած են այս մասին:

Հարցին պատասխան չունինք, բայց յստակ է նաեւ, որ փոքր, իրականացնելի եւ խիստ անհրաժեշտութիւն հանդիսացող ծրագիրները այսօր տեղ չունին ՀԲԸՄ-ի որոշման սեղաններուն վրայ:

Երբ կը խօսինք շուրջ 25.000 փախստական դարձած սուրիահայերու եւ անոնց մէջ եղող շուրջ 7000 հայ աշակերտներու ճակատագրին մասին նոյն միութիւնը փոխանակ մտածէ Երեւանի մէջ արեւմտահայերէն լեզուով գործող մէկ հատիկ դպրոց մը հիմնել,  կը հանդիպինք համատարած լռութեան:

Երբ կը խօսինք Միջին Արեւելքի գաղութներու վտանգուած ապագային մասին, նոյն միութեան ղեկավարները, որոնք իրենք եւս մղոններ հեռու են Միջին Արեւելքէն ու լաւապէս կը զգան գալիք վտանգներուն իրաւացիութիւնը,  դարձեալ կը հանդիպինք անորոշ պատասխաններու:

Երբ կը խօսինք արեւմտահայերէն լեզուի վտանգուած ըլլալուն մասին, ու նուրբ եւ կիրթ լեզուով կը յիշենք Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, դարձեալ կը հանդիպինք անտարբեր հայացքներու կամ լաւագոյն պարագային՝ «փող եւ ծրագիր տուէք»ի դիտարկման մը,   ապա այլապէս Մելգոնեանն ալ պիտի դառնայ Վ. Տէրեանի բառերով «փոշի դարձող եգիպտական բուրգ»:

Այս բոլորը կ'արձանագրենք մէկ մտահոգութեամբ:

Արդեօ՞ք ինչ տուեալներով պիտի ապրի ու ապրեցնէ «կլոպըլ հայ»ը:

Ի վերջոյ, ո՞վ է «կլոպըլ հայ»ը, եւ ի՞նչ դիմագծով պիտի ներկայանայ աշխարհին, երբ նոյնիսկ անտեղեակ է իր պատմութեան, իր լեզուին, իր անցեալին եւ չի կրեր իր մշակոյթի հիմնական «գաղտնագրեր»ը:

Ու այդ «գաղտնագրեր»ու բացակայութեան պատճառով է նաեւ, որ մենք յիսուն-վաթսուն տարի ետք պիտի չկարողանանք «մեր լեզուով» լսել անոր ձայնը:

Եւ,  պարոնայք, խնդրեմ ըսէք, որո՞ւ է պէտք այդ «կլոպըլ հայ»ը, կամ «նոր հայ»ը (կամ խնդրեմ կոչեցէք զայն ինչ որ կուզէք), որ ճամբայ պիտի իյնայ մեր հին-նոր երազները իրականացնելու համար:

ՀԲԸՄ-ը,  ինչպէս շատ մը կազմակերպութիւններ այսօր իրենց տօնական զգեստներուն մէջ, իմաստի, ընելիքի, երազի, ծրագրի լուրջ տագնապ մը կ'ապրին:

Ու իրենց պատմական դերին առջեւ եւ 110 տարուան տարուան շատ մը հպարտառիթ նուաճումներու շղարշէն անդին անոնք կոչուած են այս հարցադրումը ընել` ի՞նչ են մեր վաղուան ընելիքները:

Տրուած ըլլալով, որ անցեալ տաս-քսան տարուան ընթացքին իրականացուած միջոցառումներով, դպրոցներու փակումով եւ 24 ապրիլ նշելով անոնք եւ մենք չենք կրնար արեւմտահայութեան կարեւոր մէկ մասը դէպի ապահով ափ հասցընել:

Անշուշտ, եթէ իրենց եւ մեր օրակարգին մէջ կայ Արեւմտահայաստանի դատին առանցքը, որուն առաջին խարիսխները նետելու կոչուած է հայաշխարհի ամէնէն հզօր մշակութային գործօններէն համարուող ՝ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: