Ամերիկացի միլիառատէր Էլոն Մասքը կ՚աջակցի իր ամերիկացի գործընկեր Տէյվիտ Սաքսին, որ հերքեց Ուաշինկթընի պնդումները «Ուքրանիոյ յաղթանակներու» վերաբերեալ եւ շեշտեց Արեւմուտքի՝ անհրաժեշտ զինամթերք արտադրելու անկարողութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ի թուլութիւնը Ռուսիոյ նկատմամբ։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»-ը։
Ամերիկացի միլիառատէր Տէյվիտ Սաքսը յայտարարած է, որ ուքրանական պատերազմը հիմնուած է սուտի, կեղծիքի վրայ, թէ ինչպէս այն սկսած է եւ ինչպէս պիտի աւարտի։
Սաքս «X» հարթակին գրած իր գրառման մէջ ըսած է. «Մեզի կ՚ըսեն, որ Ուքրանիան կը յաղթէ, իսկ իրականութեան մէջ՝ կը պարտուի։ Մեզի կ՚ըսեն, որ պատերազմը ՆԱԹՕ-ն աւելի ուժեղ կը դարձնէ, իսկ իրականութեան մէջ այն կը ցամաքեցնէ։ Մեզի կ՚ըսեն, որ ամենամեծ խնդիրը, որուն կը բախի Ուքրանիան, ԱՄՆ Քոնկրեսի կողմէ ֆինանսաւորման պակասն է, բայց իրականութեան մէջ Արևմուտքն ի վիճակի չէ բաւարար քանակութեամբ զինամթերք արտադրելու, եւ այդ հարցի լուծումը երկար տարիներ կը պահանջէ»։
Ան աւելցուցած է.«Մեզի կ՚ըսեն, որ Ռուսիան մեծ կորուստներ կը կրէ, բայց իրականութեան մէջ Ուքրանիան չունի բաւարար քանակութեամբ զինուորներ, եւ սա եւս մէկ խնդիր է, որ գումարով կարելի չէ լուծել»։
Սաքս շարունակած է. «Ամերիկացիներուն կ՚ըսեն, որ միջազգային հանրութիւնը կ՚աջակցի Միացեալ Նահանգներուն, անկախ այն հանգամանքէն, որ իրականութեան մէջ միջազգային մեծամասնութիւնը ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը համարէ խելագարութեան եւ յիմարութեան գագաթնակէտ։Մեզի կ՚ըսեն, որ խաղաղութեան հնարաւորութիւն չկայ, երբ իրականութեան մէջ մենք մերժած ենք բանակցային կարգաւորման բազմաթիւ հնարաւորութիւններ։ Մեզի կ՚ըսեն, որ եթէ Ուքրանիան շարունակէ պայքարը, ան կրնայ բարելաւել իր դիրքերը բանակցութիւններուն առընթեր, թէեւ իրականութեան մէջ պայմանները շատ աւելի վատ պիտի ըլլան, քան անցեալին ձեռք բերուած եւ մերժուած պայմանները»։
Ամերիկացի միլիառատէրը կանխատեսած է, որ սուտերը պիտի յաջողին երկարացնել պատերազմը եւ Քոնկրեսը մղել աւելի շատ գումար յատկացնելու, մինչդեռ Ռուսիան աւելի շատ տարածքներ պիտի վերցնէ. ի վերջոյ, Քիեւի մէջ ճգնաժամ պիտի սկսի, եւ Զելենսքիի կառավարութիւնը պիտի տապալի։
Ան իր խօսքը եզրափակած է ըսելով, որ « այդ ատեն ամերիկեան քաղաքականութիւնը պիտի պնդէ, որ «մենք յաջողութեան կը հասնէինք, եթէ չըլլային Փութինի պաշտպաններու հինգերորդ շարասիւնը, որ դանակահարեց ուքրանացիները թիկունքէն»։ Անկէ ետք անոնք մեծ հաճոյքով պիտի անցնին յաջորդ պատերազմին, ինչպէս որ Ուքրանիա տեղափոխուեցան՝ Աֆղանիստանի ու Իրաքի աղէտներէն ետք։
Սաքսի այս «թուիթ»ին իր մեկնաբանութեան մէջ էլոն Մասքը գրած է. «Ճիշդ այդպէս»՝ արտայայտելով իր համաձայնութիւնը այնտեղ տեղ գտած միտքերուն հետ։
Աւելի վաղ Մասք յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ նոր միջոցներ յատկացնելն ու մարտերու երկարաձգումը պիտի չօգնեն Քիեւին։