Օրերս ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Լիբանանի Աթլեթի Ֆետերասիոնի եւ Ասիոյ Աթլեթի ֆետերասիոնի Կիներու Յանձնախումբի անդամ՝Մարիա Գէորգեան ընտրուած է Արաբական Աթլեթի ֆետերասիոնի փոխնախագահ:
Այս կարեւոր ձեռքբերումին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ դիմատետրեան էջէրէ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք տրուած լրատւութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Լիբանանի Աթլեթի Ֆետերասիոնի եւ Ասիոյ Աթլեթի ֆետերասիոնի Կիներու Յանձնախումբի անդամ՝Մարիա Գէորգեան ընտրուեցաւ Արաբական Աթլեթի ֆետերասիոնի փոխնախագահ: Անոր ընտրութիւնը լիբանանահայութեան համար մեծ նուաճում ու հպարտութիւն է։
Յաճախ քուլիսներուն ետեւ աշխատող Մարիա Գէորգեան տարիներ մաս կազմած էր Ասիական աթլեթիզմի յանձնախումբերուն, եւ այժմ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արաբական Աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մէջ որպէս փոխ նախագահ:
Մարիա իր աթլեթիզմի սէրն ու նուիրուածութիւնը ժառանգած է իր վաղամեռիկ հօրմէն, որ եղած է աթլեթիզմի ազգային ախոյեան, եւ ան ոչ միայն ժաանգած է հօրմէն մարզանքի սէրը այլ նաեւ գերազանցած եւ աւելին նուաճած:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Մարիային իր ստանձնած նոր պատասխանատուութեան: