Իրանը կ՛ընդլայնէ հարուածները ամերիկեան թիրախներու դէմ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Պահրէյնը հաստատեց հրթիռային հարուած մը ԱՄՆ-ի Հինգերորդ նաւատորմի սպասարկման կեդրոնին դէմ․ համացանցի մէջ հրապարակուած է հարուածին տեսանիւթը։
Մամուլին համաձայն՝ իրանական Պալիսթեան հրթիռներ հարուածած են նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ալ-Տաֆրա օդուժի ռազմակայանը եւ Քուէյթի Ալի Ալ-Սալեմ օդուժի ռազմակայանը։ Կը հաղորդուի նաեւ Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ամերիկեան թիրախներու դէմ յարձակումներու մասին։
Բաց աստի , Իսրայէլի 9-րդ ալիքը կը հաղորդէ, թէ Արաբական ծովուն մէջ հարուած մը գործադրուած է «Լինքոլն» ամերիկեան օդանաւակիր նաւուն դէմ։
Մի քանի դէպքերու վերաբերեալ պաշտօնական հաստատումները տակաւին կը ճշդուին։