image

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչում Պաղտատի մէջ (Լուսանկարներ)

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչում Պաղտատի մէջ (Լուսանկարներ)

Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին տեղի ունեցած հաւաքներու եւ կամ կրօնական արարողութեանց մասին մեր լրատւութիւնը կը շարունակուի։

Օրերս, Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի նախագահութեամբ, Սբ. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ ոգեկոչելով Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը։ Պատարագիչն ու օրուայ քարոզխօսն էր արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակի ոգեկոչման առիթով, Ուրբաթ  Ապրիլի 26-ին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն ու օրուայ քարոզխօսն էր արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը ։

Պատարագի աւարտին Զուարթնոց դպրաց դասը ելոյթ ունեցաւ քանի մը ազգասիրական երգերով, 

Այնուհետեւ ներկաները Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորած  թափօրին հետեւելով ուղղուեցան  դէպի Խաչքար- Յուշարձանը  ու այնտեղ զետեղեցին սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած իրենց սրտաբուխ ծաղիկներն ու ծաղկեպսակները:

Ապա հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ կից գտնուող  Վարժարանի բակը ուր հոգեցունց մթնոլորտի մէջ դպրոցի աշակերտ- աշակերտուհիները ծառ տնկեցին ի նշան հայ ազգի գոյատեւման։

Յատկանշական է որ այս հոգեպարար արարողութեանց ներկայ եղան նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, Հոգեւորականաց դասը, Դեսպանութեան հաւատարմատար` պարոն Ռուբեն Սողոյեանը, Դեսպանութեան հիւպատոս պարոն Հրաչեայ Յովհաննէսեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանը և վարչութեան անդամները, Պաղտատի Հայ Միութենական Հաստատութեանց Վարչութիւնները, Առաջնորդարանի առնթեր գործող յանձնախումբերը, ՀՄԸՄ-Ի և Բարեգործական միութեան Սկաուտութիւնը և հոծ բազմութիւն։