image

«Հայրս Այնճարի եւ Մուսալերան հպարտ զաւակն էր». Մարինէ Մարտիրեան

 «Հայրս Այնճարի եւ Մուսալերան հպարտ զաւակն էր». Մարինէ Մարտիրեան

 Լիբանանահայ (արմատներով Մուսալեռցի) անմահանուն արուեստագէտ Վարուժան Մարտիրեանի դուստրը՝ Մարինէ Մարտիրեան-Աֆէյեան կը գրէ՝

 

Հայրերու այս տօնին, մեր սիրելի հօր՝ Վարուժան Մարտիրեանի յիշատակը մեր սիրտերուն մէջ, անոր ֆիզիքական բացակայութիւնը կը շարունակէ ծանրանալ մեր հոգիներուն վրայ։ Արդեն եօթ ամիսներ առաջ ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն, իր ետին ձգելով դատարկութիւն մը, զոր անկարելի է լեցնել։ Այսօր մենք անգամ մը եւս սուր կարօտ կը զգանք, ցանկալով զինք կրկին ողողել այն սիրով եւ գնահատանքով, որոնց ան այնքան արժանի էր։ Միշտ մեր հարցերը իր սեփականէն առաջ դասող, ան ուժեղ եւ իմաստուն էր, եւ անվերջ աղբիւր մը՝ բացարձակ սիրոյ։ Իր խնդուքը կ՚արձագանքէ մեր յուշերէն ներս, իր բարի հոգին տակաւին կը ջերմացնէ մեր սրտերը եւ իր սէրը կը շարունակէ պարուրել եւ մխիթարել մեզի։

Մտածելով իր կեանքին եւ ետին ձգած ժառանգութեանց մասին, կը սփոփուինք գիտնալով որ իր հոգին խաղաղօրէն կը հանգչի։ Ան ապրեցաւ իմաստալից եւ նուիրուած կեանք մը, երկարատեւ դրոշմ ձգելով բոլոր անոնց վրայ, որոնք բախտը ունեցան զինք ճանչնալու։ Իբրեւ երկրաչափ եւ ճարտարապետ՝ շինութիւններ, տուներ եւ եկեղեցիներ կառուցելու կողքին, իր մեծագոյն նուիրումներէն մէկն ալ փայտի քանդակագործութիւնն էր, արուեստ մը , զոր կատարելագործեց տարիներու ընթացքին։ Իր ստեղծած մեծ թիւով քանդակները խօսուն ապացոյցներն են իր հմտութեան եւ ստեղծագործական ոգիին։ Հետեւաբար թերեւս յարմար է, որ իր իսկ ընտանիքին համար նախագծած եւ կառուցած իր տունը յետ այսու իր մէջ մնայուն կերպով կեդրոնացնէ նաեւ իր քանդակները։

Այս տունը, զոր ինք այնքա՛ն կ՚ուզէր լեցնել խինդով, սիրով եւ ընտանեկան մթնոլորտով, այժմ կը նուիրուի Լիբանանի Այնճար աւանին, որպէսզի ծառայէ իբրեւ իր վաստակին նուիրուած թանգարան մը. ինք որ Այնճարի ընդմէջէն հպարտ զաւակն էր Մուսալերան։ Մենք խորապէս շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին եւ փոխադրեցին անոր քանդակները եւ կը շարունակեն օգնել տունը բանալու հասարակութեան, որպէս "Վարուժան Մարտիրեանի Թանգարան": Այս նուիրուած ընկերներու կարեւոր աջակցութիւնը թոյլ տուաւ, որ մեր հօր տաղանդներն ու ստեղծարարութիւնը պահպանուին եւ գնահատուին գալիք սերունդներու կողմէ:

 

«Վարուժան Մարտիրեանի Թանգարան»-ը պիտի կանգնի իբրեւ մեր հօր յիշատակին նուիրուած յուշարձան եւ իբրեւ վկայ Այնճարի մշակութային հարստութեան: Մենք կը յուսանք, որ ան իբրեւ ներշնչման աղբիւր պիտի ծառայէ տեղական համայնքի ապագայ արուեստագէտներուն համար: Նոր այս թանգարանով կը յուսանք, որ մեր սիրելի հօր ժառանգութիւնը շարունակէ ներշնչել եւ ոգեւորել, մեզի յիշեցնելով նուիրումի ուժին եւ գեղեցկութեան հետապնդման մասին: