Այս ներածականէն ետք մօտենանք եկեղեցւոյ, այսինքն եկեղեցական կոչեցեալ ընտրեալներուն:
Եկեղեցին մէկ է, կը բարձրաձայնենք: Ով չի գիտեր ատիկա: Ինչո՞ւ կը բարձրացնեն ատիկա, արդեօ՞ք ցոյց տալու համար, որ եկեղեցին պառակտուած է եւ դուրս եկած` իր մէկութենէն: Պարզ հաւատացեալը գիտէ, որ եկեղեցւոյ հիմնադիրը մարդացած Փրկիչն է, ան է գլուխը եկեղեցւոյ: Ճիշդ է` եկեղեցին իր հիմնաքարով մէկ է: Հաւատոյ հանգանակին մէջ ատիկա շեշտուած է, ինչպէս շեշտուած է, որ եկեղեցին ընդհանրական է, առաքելական է, սուրբ է: Նոյն եկեղեցին է ուղղափառ հաւատքով, որ այդ բոլորը զգեցած է` որպէս աստուածային մէկ պատմուճան: Հոս փակագիծի մը մէջ առանձնացնելով մեր եկեղեցւոյ պատկերը` հարց կու տամ. եթէ գիտենք, որ մեր եկեղեցին մէկ է, ուրեմն ինչո՞ւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ միատեսակ կերպով չեն յիշատակուիր նուիրապետական աթոռներու գահակալները: Ինչո՞ւ թեմերու հարց, երբ գիտենք, թէ ուր որ մէկ Աթոռը չի կրնար հասնիլ, միւսը պիտի հասնի համերաշխ եւ նոյնանման գործելակերպով: Նիւթական եւ փառամոլական հաշիւները չե՞ն պատճառը: Իրար չհանդուրժելը, իրար չհասկնալը, աւելի ճիշդ` չուզել հասկնալը չե՞ն պատճառը: Դասական սփիւռքի հաւատացեալը ուրկէ՞ յայտնուեցաւ սփիւռք: Կիլիկիոյ Սահակ կաթողիկոսի ժողովուրդը չէ՞ր: Ո՞վ ձեռք երկարեց այդ դժբախտ կաթողիկոսին` մէկտեղելու ժողովուրդը, հաւաքելու որբերը: Բայց ի՞նչ երկարեմ: Մեր եկեղեցին պառակտուած է եւ կը մնայ պառակտուած, երբ այդպէս կը դաստիարակուին նոր հոգեւորականները: Դեռ երէկ էր, այս խառնաշփոթ իրողութեան մէջ, երբ ականջալուր եղանք նորելուկ հոգեւորականներէ, որ Հայ եկեղեցին ունի մէկ հայրապետ…: Եւ այդ հոգեւորականը փողոց իջնելով, կ՛ուզէ ուղղել աշխարհական ղեկավարներու, այսպէս ըսած, պառակտող եւ անուղիղ ընթացքը: Աբեղաներ եւ քահանանե՞ր պիտի բարեկարգեն մեր եկեղեցին… Փակենք սակայն փակագիծը եւ շարունակենք. եթէ եկեղեցին ընդհանրական է, ուրեմն ո՞վ հնարեց եկեղեցի մը, որ ընդհանրական կը կոչուի, ի՞նքը միայն ընդհանրական է: Ո՞վ հնարեց ուրիշ եկեղեցի մը, որ ուղղափառ կը կոչուի, ի՞նքը միայն ուղղափառ է: Մարդիկ հնարեցին այդ մենաշնորհները: Եկեղեցական թէ աշխարհական: Աշխարհի վրայ եւ ազգերու մէջ հիմնուած եւ տարածուած եկեղեցին նոյն Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին է: Բոլորին մէջ կը կարդացուի նոյն Աւետարանը, առաքելական նոյն նամակները կը կազմեն դասագիրքը բոլոր եկեղեցիներուն, որուն գլուխն է Քրիստոս` Աստուածորդին եւ ուղեցոյցը` Հաւատոյ հանգանակը: Ուրիշ որեւէ ուսուցում աղանդաւորութիւն է, եւ եկեղեցին` ներողամտութենէ դուրս գալով` նզոված է եւ կը նզովէ աղանդները:
Ս. Հոգին առաքեալները օժտեց զանազան լեզուներով, որպէսզի Աստուծոյ ստեղծած տարբեր լեզուներով բոլոր մարդիկը` ազգերը լսեն եւ օգտուին իր խօսքերէն, իր բերած բարի լուրերէն` ամփոփուած յատկապէս չորս Աւետարաններուն մէջ: Այդ Աւետարանները թարգմանուեցան բազմաթիւ ազգերու լեզուներով, որպէսզի Աստուծոյ ստեղծած մարդկութիւնը, բոլոր ժողովուրդները բաժնեկից ըլլան նոյն փրկագործութեան:
Յստակ է, պատմութիւնը վկայ, որ եկեղեցական թէ աշխարհական ղեկավարներ` աշխարհիկ եւ իրենց նեղ շահերէն թելադրուած` բաժանումներ յառաջացուցին եկեղեցւոյ նոյն կառոյցին վրայ, որ մինչեւ այսօր կը մնայ աշխարհայնացած մտահոգութիւններով կլանուած, մտահոգիչ կերպով քրիստոնէութենէ հեռացած մարդոց մէջ:
Եթէ պարզ մտածենք, եկեղեցին, այսինքն եկեղեցականը` որպէս կոչեցեալ եւ ընտրեալ պաշտօնեայ, հաւատացեալին, որ եկեղեցին է, ուղղութիւն տուող ուսուցիչ է կամ տեսուչ: Եկեղեցին կառոյց մըն է, ուր խմբուած հաւատացեալները դէպի Աստուած կ՛առաջնորդուին եկեղեցական կոչեցեալ կամ ընտրեալ սպասաւորներու ցուցմունքներով: Նոյն սպասաւորները պարտականութիւն ունին հաւատացեալին մեղքերն ու յանցանքները քննելու եւ վճիռ արձակելու, որպէս խոստովանահայր: Նոյն սպասաւորները կոչուած են բարեխօս հանդիսանալու մարդոց եւ մարդոց միջեւ, մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ: Կիրքերը հանդարտեցնող, աստուածային խաղաղութիւնը հովանաւորող դաստիարակ պաշտօնեաներ են այդ սպասաւորները` բառին բուն իմաստով դաստիարակ հայրեր: Եկեղեցականը` որպէս երկրի քաղաքացի, անշուշտ իրաւունք ունի իր կեցուածքը եւ կարծիքը ունենալու քաղաքական որոշ հարցերու մէջ, բայց ուղղակի պիտի չմտնէ քաղաքական դաշտ:
Որոշ է, որ երբ եկեղեցական առաջին աստիճանը կը տրուի կոչեցեալին, որ ցաւալի կերպով ընտրեալ չէ յաճախ, նոյն ատեն իրեն կը տրուի հայր մակդիրը. տէր հայր, հայր սուրբ, սրբազան հայր: Այդ կը նշանակէ, որ ձեռնադրեալը հայրութեան կը կոչուի, հայր ըլլալ` ծուխին, բոլորին, մեծին եւ պզտիկին, պարզ հաւատացեալին եւ ղեկավար անձերուն անխտիր:
Դարձեալ որոշ է, որ եկեղեցւոյ առջեւ յաճախ կը ցցուին դժուարութիւններ, որոնք պէտք է մղեն եկեղեցին` սրբազան պայքար յայտարարելու: Օրինակ, եկեղեցականը երբ կը տեսնէ, որ որոշ երեւոյթներ, որոշ կեցուածքներ եկեղեցւոյ մէջ շեղումներ կը յառաջացնեն, արդար է, որ ահազանգ հնչեցնէ եւ սրբազան պայքար յայտարարէ: Փրկիչը մէկ անգամ օրինակ տուաւ իր ժառանգորդներուն, որպէսզի մարդիկ ջանան իրենց նկարագիրը փոխել եւ հետեւիլ աստուածատուր պատգամներուն, որոնք ամփոփուեցան Աւետարաններուն մէջ: Խորհրդային կարգերը, որոնց ճանկերուն տակ ինկաւ Արեւելեան Հայաստանը, ակնյայտօրէն խախտեց նաեւ մեր հաւատացեալին եւ եկեղեցականին նկարագիրը: Այն նկարագիրը, որուն մասին վկայութիւններ ունինք` մեր մատենագիրներէն, մեր մտաւորականներէն, մեր արուեստագէտներէն ու գրողներէն: Երկրի անկախութենէն ետք ընտրեալ եկեղեցականը սրբազան պայքար պիտի յայատարարէր եւ աշխատէր վերականգնել մեր հարազատ ժողովուրդի հարազատ նկարագիրը: Երկրի անկախութենէն ետք աշխարհիկ ղեկավարներու ակներեւ մեղսակցութեամբ, անկախ Հայաստանը ողողուեցաւ աղանդաւորներու տեսակներով: Եկեղեցին, այսինքն` եկեղեցականները, մանաւանդ` բարձրաստիճան, լռեցին: Ընտրեալ եկեղեցականէն զատ` ո՞վ պիտի պայքարէր հաւատացեալի հոգին աղարտող այս շարժումին դէմ, ինչ որ աղէտ էր նաեւ ամբողջ երկրին, երկրի բանակին: Եկեղեցականներ սրբազան պայքար պիտի յայտարարէին, եւ արդարօրէն, վաշխառուներու դէմ, կաշառակերներու դէմ, տաճարը պղծողներուն դէմ, այստեղ, հարկ եղած պարագային, Տիրոջ օրինակով, մտրակ շարժելով: Եկեղեցականներ սրբազան պայքար պիտի յայտարարէին երկրէն հեռացող, երկիրը պարպող պորտաբոյծ իրենց զաւակներուն դէմ` քարոզութեամբ, պատգամով, խորհուրդով` համագործակցաբար երկրի առողջ մտաւորականութան: Եկեղեցականը` հայրը, իր հայրական գուրգուրանքով, խօսքով, յորդորով, ողորմածութեամբ, հիւրընկալութեամբ եւ մանաւանդ գործնական քայլերով տէրը պիտի ըլլար իր հօտին, ինքզինք պիտի արժեւորէր եւ արժանանար իր բանաւոր հօտի համակրանքին: «Արդարեւ, եպիսկոպոսը (եկեղեցականը) պէտք է ըլլայ` հիւրասէր, բարին սիրող, զուսպ, արդար, մաքուր եւ ժուժկալ: Պէտք է ամրօրէն պահէ իր սորված վստահելի վարդապետութիւնը, որպէսզի կարենայ ուղիղ ուսուցումով յորդորել ուրիշները եւ յանդիմանել հակառակորդները» (Տիմ 1.8-9): Բայց ո՞ր մէկը ըսեմ, ո՞ր մէկը խոստովանիմ, բացթողումները բազմաթիւ են ու բազմազան:
Բայց ինչո՞ւ այս վերյիշումները: Վերյիշում, այո՛, որովհետեւ նորութիւն մը չեմ ըսեր, կրկնութիւն է ըրածս: Շատ հայրապետներ իրենց կոնդակներով, որոնցմէ հարիւրներ ընթերցած եմ, անդրադարձած են այս բացթողումներուն, որոնք առաւել եւս կը կը շարունակուին ու կը կրկնուին այսօր:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ կարգ մը եկեղեցականները, որոնք այսօր համալսարաններ ալ կ՛աւարտեն, իրենց ընտրեալի դիրքէն հեռու կը մնան: Աւետարանի ցուցմունքները կ՛ոտնակոխեն, առաքելական ուսուցումները կ՛արհամարհեն եւ կ՛ապրին հեթանոսավայել կեանք մը` իրենց խօսածին ու քարոզածին ամբողջապէս հակառակ: Ինկած են փառքի ու դրամի, ցուցամոլութեան եւ այլամերժութեան ետեւէն, որոնք զզուելի ու ծայր աստիճան վտանգաւոր կ՛որակուին Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մէջ: Փակագիծի մէջ ըսեմ, որ ես ալ մէկն եմ անոնցմէ: Անշուշտ, բացի Աստուծմէ, անմեղ մարդ չկայ, բայց մեղքերն ալ իրենց աստիճանները ունին, ուրիշին տունը քանդողը իր արժանի պատիժը պիտի գտնէ, եթէ ոչ` պարանը կ՛երկարի… Մեծապէս կը գնահատեմ անշուշտ մաքուրները: Աստուծոյ տան իսկական ու աշխատունակ սպասաւորները:
Իշխանութիւնը կամ իշխանը, որքան ալ անպէտ ու անկիրթ գտնուի, եկեղեցականին պարտականութիւնն է պատշաճ կերպերով վարուիլ անոնց հետ եւ համոզել, որ ետ մնան իրենց վատ ընթացքէն: Եթէ չշտկուին, նզովքի տակ առնել զանոնք, այսքա՛ն: Նոր չէ, որ Փաշինեան իշխանութեան գլուխ եկաւ, հոգեւոր իշխանութիւնը` որպէս թիկունք աշխարհիկ իշխանութեան եւ փոխադարձաբար, ինչ որ փաստարկուած է պատմութեան ընթացքին, ատեն ունէր յարմար կերպերով գործակցելու անոր հետ: Եթէ այդ կերպը ձախողէր, հոգեւոր իշխանութիւնը` պէտք էր ժողովուրդին մէջ մտնէր եւ ժողովուրդը համոզէր, որ նման մարդիկ ընտրելէ հեռու մնան:
Իշխանաւորներ, որոնք արդէն իսկ լծուած են օտար ջրաղացքներուն ջուր մատակարարելու անխոհեմ, ազգավնաս եւ ազգակործան աշխատանքին, ո՞վ գիտէ` ի՛նչ հաշիւներով, կը սկսին` զանազան պատրուակներով` պղծել մեր ազգային սրբութիւնները, անարգաբար խեղաթիւրել մեր պատմութիւնը եւ ոտնակոխել մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակները, վիրաւորելով ազգը, հայրենիքը, ազգային սրբութիւնները, մէկ խօսքով, անոնք ազգին մէջ յայտնի ու անյայտ դաւաճաններու դաւաճանագոյնը կը դառնան զզուելի եւ նզովելի իրենց կեցուածքով ու աշխատելաոճով:
(Շար. 2)
Վարուժան Արքեպիսկոպոս
«Ազդակ»
—