«Հալէպի հայկական շրջաններուն դէմ երէկ եղած հրթիռարձակումները պատահական չեն»,-«Արեւելք»-ին ըսաւ ռազմական լրագրող Սարգիս Գասարճեան: Լրագրողին կարծիքով, եղած հրթիռարձակումները կապ ունին Գերմանիոյ խորհրդարանին՝ Պունտեսթակին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին հետ: Գասարճեան նաեւ ըսաւ, որ բոլորը գիտեն, որ «Նոր Գիւղ»ի այդ հատուածը հայութեան կեդրոնատեղի կը համարուի, այդ առումով է, որ եղածը պատահական չէ: Ան նշեց, որ «Սուլթան Սալիմ Առաջին» եւ «Նուր Ալ Տին Զընքի» անունները կրող խմբաւորումները ուղղակիօրէն կը հովանաւորուին Անգարայի կողմէ:
Յիշեցնենք, որ երէկ երեկոյեան Հալէպի նոր գիւղի դէմ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած չորս հայորդիներն են՝ Վազգէն Ճապաղջուրեան, Լեւոն Քէլխաչերեան, Յովսէփ Ջանէցեան եւ Խաչիկ Ապուլապութեան: Մարդկային այս ծանր կորուստներէն բացի շրջանը ենթարկուած էր նիւթական մեծ վնասներու: