image

Հայկական աւանդոյթի իսկական թարգմանը. Ֆրանսացի լրագրողին յօդուածը՝ մեծ երաժիշտ՝ Կարպիս Ափրիկեանին մասին

   Հայկական աւանդոյթի իսկական թարգմանը. Ֆրանսացի լրագրողին յօդուածը՝ մեծ երաժիշտ՝ Կարպիս Ափրիկեանին մասին

 

 

Օրերս Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ֆրանսահայ երաժիշտ եւ յօրինող  Կարպիս Ափրիկեան։

 Ափրիկեան յայտնի անուն մըն էր, ոչ միայն հայկական այլ նաեւ ֆրանսական շրջանակներուն մէջ։

 Ստորեւ ֆրանսերէն լեզուէն թարգմանելով «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  ֆրանսացի լրագրող 

Լորէնզօ Քիավարինի Ազզիի  պատրաստած ակնրակը, որ լոյս տեսած է «Ֆրանսէնֆո» կայքին մէջ։

 

 Քիավարինի կը գրէ ՝

 

98 տարեկանին մահացաւ յօրինող եւ խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը, որ Ֆրանսայի մէջ հայ երաժշտութեան մեծ ջատագովներէն էր։

 

Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, երաժիշտը յաջողած էր համատեղել արեւմտեան, գեղարուեստական երաժշտութիւնն ու հայկական մեղեդիները։

Յօրինող, խմբավար, երաժիշտ Կարպիս Ափրիկեանը, որ մեծ ներդրում ունեցած է հայ երաժշտութեան տարածման գործին մէջ, Ֆրանսայի եւ անոր սահմաններէն դուրս, մահացաւ 15 Հոկտեմբեր 2024-ին, 98 տարեկանին, «Franceinfo Culture»-ին յայտնած է անոր որդին՝ Արա Ափրիկեանը:

2024 Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, Փարիզի ֆիլհարմոնիայի հայկական օրերուն ընթացքին կատարուեցաւ անոր ստեղծագործութիւններէն մէկը: Միաժամանակ ան պարգեւատրուեցաւ Փարիզի «Grand Vermeil» մետալով:

1950-ականներու կէսերէն ի վեր, Կարպիս Ափրիկեան ապրած է Ֆրանսայի մէջ, ուր յիսուն տարիէ հանդիսացած է որպէս «Սիփան Կոմիտաս» երկսեռ երգչախումբի խմբավար՝ ղեկավար, յօրինող եւ կատարող։

 

Եգիպտոսի մէջ հայեցի  կրթութիւն

Կարպիս Ափրիկեան ծնած է 1926-ին, Եգիպտոսի Աղէքսանդրիա քաղաքը, որ այդ ժամանակ կ համարուէր Եգիպտոսի մշակութային կեանքի կեդրոննէն մին։ Այդտեղ, հայկական համայնքին մէջ կերտուած է անոր ներաշխարհը։ «Ես ուսումնասիրեցի հայոց պատմութիւնն ու դիւցազնավէպը: Այդ զիս, ինչպէս մեր բոլորին սնուցեց ազգային հպարտութեամբ», - ըսաւ մեզի 2014-ին մեր երկարատեւ հանդիպման ժամանակ: «Տարիներ ետք հասկցայ, որ այս դիւցազնավէպը տարբեր է միւսներէն՝ այն ոչ թէ նուաճման, այլ մշակոյթի պաշտպանութեան մասին է»։

Աղէքսանդրիոյ մէջ ան հանդիպած է տարագրութեան մէջ գտնուող իտալացի երաժիշտ՝ յօրինող Փիէտրօ Մասքանիի աշակերտին, որմէ ստացած է իր երաժշտական կրթութիւնը։ «Այդ ժամանակ էր, որ ես գրեցի իմ առաջին աշխատանքս՝ նուագախմբային նախերգանքը հայկական «Ծիծեռնակ» բանաստեղծութեան վրայ»,- կ’ըսէ ան: «Փոխաբերութիւն մը, որ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդը, որ ծիծեռնակի նման, միշտ կը վերակառուցէ իր բոյնը, կործանուելէ ետք…»

 

Հանդիպում Օլիվիէ Մէսիէնին հետ

1953-ին, Կարպիս Ապրիկեան կրթաթոշակի շնորհիւ ժամանեց Ֆրանսա, ուր կատարելագործեց իր գիտելիքները եւ հասաւ իր երաժշտական հասունութեանը, նախ «École Normale de Musique» երաժշտական դպրոցին մէջ, այնուհետեւ Ազգային բարձրագոյն Քոնսերվաթորիայի, ուր ան հանդիպեցաւ Օլիվիէ Մէսիէնին:

 

Վարպետ մը, որուն ազդեցութիւնը նոյնքան մեծ էր «երաժշտութեան, փիլիսոփայութեան եւ գեղագիտութեան մէջ», որքան ազգային ֆոլքլորը օգտագործելու ոգեշնչումն ու թեքնիքը: «Ես այդ գիտութիւնը կիրառեցի հայկական ֆոլքլորի մէջ:« Ինծի համար ձայնագրութեան գործիքի կարիքը չկար, քանի որ ժողովրդական եւ կրօնական երգերով սնուցուած էի»։ Ի վերջոյ, Մէսիէնի շնորհիւ, Ափրիկեան յայտնաբերեց եւ ուսումնասիրեց Վակնըրի երաժշտութիւնը, որ եւս մէկ կարեւոր աղբիւր մըն էր:

Վակնըրի, եւ մասնաւորաբար՝ Փարսիֆալի դրոշմը յստակօրէն տեսանելի է Կարպիս Ափրիկեանի առաջին ստեղծագործութեան մէջ: Մենակատարներու, նուագախումբի եւ երգչախումբի համար պատրաստուած «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» օրաթորիոն իւրայատուկ ստեղծագործութիւն մըն է: «Ձայնի՝ վոքալային հարթութիւնը էական եւ բնորոշ է հայկական աւանդութեան մէջ, որ կը գերադասէ գործիքային երաժշտութիւնը»,- զրոյցի ընթացքին բացատրեց Կարպիս Ափրիկեանը:

Աւելին, հայկական երաժշտութեան բազմաթիւ տարբերակներ հոն ներկայ են՝ աղօթքներ, մանկական երգեր, բնութեան մասին երգող երաժշտութիւն, մարտական երգեր, եւ այլն, չմոռանալով եւրոպական, գեղարուեստական երաժշտութեան հարթութիւնը, որ նոյնպէս ներկայ է: Իր վոքալային ու գործիքային ստեղծագործութիւններուն երաժշտութիւնը խառն ժանրերու արդիւնք է։

 

Աւանդոյթի «ազնուական» թարգմանութիւնը

 Օրին երաժշտահան Ափրիկեան հետեւեալ ձեւով ներկայացուց իր ոճը. «Երաժշտական առումով այն հայկական է, իսկ դաշնաւորումը՝ արեւմտեան, ես աեւմտեան կիրառութիւնը յարմարցուցած եմ հայկական ֆոլքլորէն ծնած մեղեդիներուն»: Բոլորին կողմէ հասկնալի եւ գնահատելի դառնալու համար՝ որքան հայերու կողմէ, այնքան ալ՝ Եւրոպայի մէջ կամ այլուր:

«Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբին հետ ան մասնակցած է բազմաթիւ փառատօններու՝ Ֆրանսայի եւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ` Պրիւքսէլ, Ժընեւ, Պազէլ, Զիւրիխ, Միւնիխ, Ամսթըրտամ, Վենետիկ։ 1991-ին, առաջին անգամ ըլլալով, ան Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ հրաւիրուած է Երեւան, ուր ելոյթ ունենալով, իր ստեղծագործութիւններու կողքին ներկայացուցած է նաեւ Սփիւռքի այլ քոմփոզիթորներու ստեղծագործութիւններ:

 

«Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Նայիրի Տաղլեան 

 

Նայիրի Տաղլեան

Նայիրի Տաղլեան

Լիբանանահայ մանկավարժ, գրող, մշակութային եւ հ...