Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը այցելած է հին քաղաքի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ»ի պատնէշուած հատուածը եւ իր աջակցութիւնը յայտնած է թաղամասը փրկելու շարժման աքթիւիսթներուն, X-ի էջին յայտնած է շարժումը:
«Ամէն հայկականը կը մնա հայկական»,- վստահեցուցած է պատրիարքը։
Մանուկեանը աքթիւիսթներու հետ քննարկած է նաեւ քաղաքի հայ համայնքի պահպանման հետագայ քայլերը։
«Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանն անակնկալ այցելութիւն կատարած է «Փրկենք հայկական թաղամասը» շարժման անդամներուն`ի նշան համերաշխութեան յանուն բարոյապէս արդար այս պայքարի: Վեհափառը շփուած է հայ երիտասարդներու հետ եւ պատասխանած մտահոգ բնակիչներու բազմաթիւ հարցերուն»,– նշուած է հրապարակման մէջ:
Հանդիպման աւարտին Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը քաջալերանքի խօսքեր ըսած է եւ օրհնած երիտասարդները։
BREAKING: Armenian Patriarch of Jerusalem visits the barricaded Cows' Garden.
— SaveTheArQ (@SavetheArQ) December 8, 2023
On Friday the 8th of December, His Beatitude Archbishop Nourhan Manougian, the Armenian Patriarch of Jerusalem, made a surprise visit to the members of the Save The ArQ Movement (@SavetheArQ) in a show… pic.twitter.com/A9z5cPdI4w