image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական Արեւելում. Գրեց՝ Յակոբ Հաւաթեան

Հայկական Արեւելում. Գրեց՝ Յակոբ Հաւաթեան

Հայ քաղաքական միտքը մի՛շտ այս հարթութեան վրայ քննարկած է արեւելումի օրակարգը եւ անոր տուած է նաեւ գաղափարական խորք, եւ ոչ թէ ժամանակաւոր եւ անցումային իրավիճակ մը հակակշռելու համար, մետասաներորդ պահուն ամբոխային տրամաբանութեամբ եւ անոր ճնշումին տակ շարժած ու գործած:

Տարիներու աւանդ, կենսափորձ ու գաղափարական հենք ունեցող կուսակցութեան մը անցած ուղին եւ այսօրուան երթը բնական է, որ երբեմն ժողովրդահաճոյ ու հասկնալի չկարենայ դառնալ, որովհետեւ արեւելումը միշտ եղած է ինքնուրոյն ու հայկական: Այստեղ առկայ են անշուշտ ժամանակի ենթակայական ու առարկայական գործօնները, որոնք աշխարհը կը փորձեն տանիլ այլ տեղ: Հետեւաբար` հաւկուր դառնալու, ինքնանպատակ համակերպումի դէմ յանդիման գտնուելու փորձութիւններէն պաշտպանուելու համար դաշնակցական 135-ամեայ ոսպնեակին օգտագործումը` հարցերը դիտարկելու առումով, օրինաչափ է տակաւին եւ կը վնասազերծէ ազգային հաւաքական անվտանգութեան սպառնացող բոլոր թակարդներն ու հարուածները եւ համահայկական օրակարգերու շուրջ կը ստեղծէ ազգային իրաւ ու արդիւնաւէտ համախմբուածութիւն:

 

Պատերազմներու եւ այլ քաղաքական ցնցումներու պատճառ-հետեւանքային գործօնները քննարկելու համար կարելի չէ առաջնորդուիլ հանրային կեանքի սպառողական, ապակողմնորոշող, շինծու, հատուածական ու մակերեսային տուեալները եւ լոզունգային յանկերգները ընկալելով: Աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ճշգրիտ գնահատումը, գերպետութիւններու ռազմաքաղաքական ուղղութիւնները, ծաւալապաշտական նկրտումները եւ միջպետական յարաբերութիւնները եւ անոնցմէ բխած հաւասարակշռութիւնները հարկ է դարձնել ուշադրութեան առանցք եւ` ըստ այնմ յանգիլ եզրակացութեանց ու յստակացնել եւ բիւրեղացնել մեր ազգային օրակարգը:

Հետազօտական պրպտումներով առաջնորդուող ուսումնասիրութիւնները, փաստարկուած տեղեկութիւնները եւ պետութիւններու ռազմավարական ծրագիրները պէտք է դարձնել հիմք առարկայականօրէն ընկալելու համար այդ պատճառները եւ ըստ այնմ ճշդելու արեւելում ու մարտավարութիւն:

Այսօր միջազգային եւ շրջանային ուժերու հանդէպ դրսեւորուող համակրական եւ հակակրական մօտեցումները, անոնցմէ բխած գործնական աքթերը, իրենց կարգին պէտք է հաշուի առնեն ազգային շահը, երկրի անվտանգութիւնը եւ զարգացման գործընթացը:

Հայ քաղաքական միտքը մի՛շտ այս հարթութեան վրայ քննարկած է արեւելումի օրակարգը եւ անոր տուած է նաեւ գաղափարական խորք, եւ ոչ թէ ժամանակաւոր եւ անցումային իրավիճակ մը հակակշռելու համար, մետասաներորդ պահուն ամբոխային տրամաբանութեամբ եւ անոր ճնշումին տակ շարժած ու գործած:

Տարիներու աւանդ, կենսափորձ ու գաղափարական հենք ունեցող կուսակցութեան մը անցած ուղին եւ այսօրուան երթը բնական է, որ երբեմն ժողովրդահաճոյ ու հասկնալի չկարենայ դառնալ, որովհետեւ արեւելումը միշտ եղած է ինքնուրոյն ու հայկական: Այստեղ առկայ են անշուշտ ժամանակի ենթակայական ու առարկայական գործօնները, որոնք աշխարհը կը փորձեն տանիլ այլ տեղ: Հետեւաբար` հաւկուր դառնալու, ինքնանպատակ համակերպումի դէմ յանդիման գտնուելու փորձութիւններէն պաշտպանուելու համար դաշնակցական 135-ամեայ ոսպնեակին օգտագործումը` հարցերը դիտարկելու առումով, օրինաչափ է տակաւին եւ կը վնասազերծէ ազգային հաւաքական անվտանգութեան սպառնացող բոլոր թակարդներն ու հարուածները եւ համահայկական օրակարգերու շուրջ կը ստեղծէ ազգային իրաւ ու արդիւնաւէտ համախմբուածութիւն:

Համահայկական օրակարգերու հանդէպ այս օրերուն շրջանառուող անպատասխանատու յայտարարութիւնները լրջագոյն վտանգներու դիմաց կը դնեն հայութեան ապագայ երթը ու կը հարուածեն իրաւազրկուած ազգի մը պահանջատիրական ոգին` պատճառ դառնալով միայն հայութեան ու Հայաստանի թշնամիներու ծաւալապաշտական վարքագիծին: Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի Հայ դատի հետապնդման առաքելութիւնը պէտք է պահել անխորտակ եւ համահայկական միասնակամ հարթութեան վրայ:

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը պէտք է վերածել կարեւոր դարձակէտի` մեր պատմութեան ճակատագրորոշ այս փուլին, հայութեան պատմական ու վաւերական իրաւունքներու հետապնդումը հարկ է աւելի տիրական դարձնել, Արցախի հայաթափումն ու բռնազաւթումը, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը`  միջազգային ամպիոններու վրայ ամրագրել` իբրեւ հայութեան դէմ շարունակուող ցեղասպանութեան անառարկելի փաստ ու պահանջել արցախահայութեան վերադարձը իր բնօրրան: Հրամայական է նաեւ թշնամի Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ մնացեալ քաղաքացիներուն ազատ արձակումը իրականացնել համահայկական ճիգով: Մինչ այդ, բոլոր միջոցներով պէտք է ձգտիլ այս օրակարգերուն շուրջ ստեղծել համահայկական միասնակամութիւն:

 

Յակոբ Հաւաթեան
«Ազդակ»