image

Այնճարի մէջ. Մահացած է գիւղի երկարամեայ քաղաքապետներէն՝ Գաբրիէլ Հաւաթեանը

Այնճարի մէջ. Մահացած է գիւղի երկարամեայ քաղաքապետներէն՝ Գաբրիէլ Հաւաթեանը

Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Այնճար հայկական աւանի (Լիբանան) նախկին քաղաքապետներէն՝ Տիար Գաբրիէլ Հաւաթեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Մուսալեռ- Այնճար» դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան, մահացաւ մեր գիւղի արժանաւոր զաւակներէն եւ նախկին քաղաքապետ` ընկ.Գաբրիէլ Հաւաթեանը։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` Չորեքշաբթի 20 Մարտ 2024֊ին, կ.ե.ժամը 3:00ին,Այնճարի "Ս.Պօղոս "

եկեղեցւոյ մէջ,ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ազգ.գերեզմանատունը։

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։

Թաղման արարողութենէն ետք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին եկեղեցւոյ "Գ.Կիւլպէնկեան" սրահէն ներս մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։00. Եւ հինգշաբթի 21Մարտ֊ին առաւօտեան ժամը 10։00 էն երեկոյեան ժամը 7։00. Նոյն վայրին մէջ։

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։

Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել «Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ» կամ « Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարան»ին