image

Հայաստանը ՇՀԿ անդամակցութեան հարցով կը տեսնէ բաւարար կառուցողական մօտեցում. ԱԳՆ

Հայաստանը ՇՀԿ անդամակցութեան հարցով կը տեսնէ բաւարար կառուցողական մօտեցում. ԱԳՆ

Հայաստանը պիտի շարունակէ աշխատանքները Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) շահագրգիռ անդամ երկիրներու հետ՝ կառոյցի հետ փոխշահաւէտ գործընկերութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հարցմանն ի պատասխան այս մասին յայտնած է Հայաստանի ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը:

«Այս պահին գործընթացի մանրամասներին չենք անդրադառնայ, բայց կարող եմ ասել, որ Հայաստանի անդամակցութեան հարցում տեսնում ենք բաւարար կառուցողական մօտեցում, փոխըմբռնում: Այս ընկալմամբ կը շարունակենք աշխատանքները ՇՀԿ շահագրգիռ անդամ երկրների հետ՝ կառոյցի հետ փոխշահաւէտ գործընկերութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ»,–տեղեկացուցած է խօսնակը:

Աւելի վաղ լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Փաքիստանն արգելափակած է Հայաստանի անդամակցութիւնը Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ)։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ Հնդկաստանն արգելափակած է Ատրպէյճանի լիարժէք անդամակցութիւնը վերոնշեալ կազմակերպութեան։