Հայաստանը կողմ քուէարկած է բանաձեւին, որ կ՚ընդլայնէ Պաղեստինի իրաւունքները ՄԱԿ-ի մէջ։ Քուէարկութեան արդիւնքները հրապարակուած են ՄԱԿ–ի պաշտօնական էջին։
Աւելի վաղ ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովը բանաձեւ ընդունած է, որ կ՚ընդլայնէ Պաղեստինի իրաւունքները համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդին կը յորդորէ վերանայիլ ՄԱԿ-ին երկրի անդամակցութեան հարցը:
Բանաձեւին կողմ քուէարկած են նաեւ Ռուսիան, Իրանը, Ատրպէյճանը, Թուրքիան։ Վրաստանը ձեռնպահ մնացած է։
ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի ընդունած որոշման համաձայն`սեպտեմբերին սկսող գլխաւոր վեհաժողովի 79-րդ նստաշրջանէն սկսեալ Պաղեստինը լրացուցիչ իրաւունքներ եւ արտօնութիւններ պիտի ստանայ կազմակերպութեան մէջ: Պաղեստինը պիտի ունենայ երկիրներու խումբերու անունով յայտարարութիւններ ընելու իրաւունք, ՄԱԿ-ի համաժողովներուն, գլխաւոր վեհաժողովի կամ ՄԱԿ-ի այլ մարմիններու հովանիի ներքոյ գումարուող միջազգային համաժողովներուն եւ խորհրդակցութիւններուն լիարժէք մասնակցելու իրաւունք:
Բանաձեւը հաստատած է Պաղեստինի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, այդ շարքին՝ Պաղեստինի անկախ պետութեան իրաւունքը: