image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը կրնայ ԵՄ-ին անդամակցելու յայտ ներկայացնել․ ԵՄ արտաքին գերատեսչութեան խօսնակ

Հայաստանը կրնայ ԵՄ-ին անդամակցելու յայտ ներկայացնել․ ԵՄ արտաքին գերատեսչութեան խօսնակ

Հայաստանը կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու յայտ ներկայացնել, «Իզվեսթիա»-ի հետ զրոյցին ըսած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան խօսնակ Փիթեր Սթանոն։

«Երկիրներն իրաւունք ունին ձգտելու իրենց ժողովուրդի համար աւելի լաւ ապագայի։ Անոնք ազատ են իրենց որոշման մէջ, թէ ինչպէս ապահովել նման ապագայ:

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ապա իւրաքանչիւր եւրոպական երկրի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը պէտք է որոշեն, թէ արդեօք կ՚ուզեն դիմել Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար»,- նշած է Սթանոն։