Հայաստան- Հայաստանի տարածքով մէկ ջերմաստիճանը պիտի շարունակէ բարձր մնալ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի կլիմայական պայմաներու գլխաւոր վարչութիւնը: Այսօր հրապարակուած տուեալներուն համաձայն մինչեւ 19 Օգոստոս ջերմաստիճանը պիտի մօտենայ 39 աստիճանի: Նոյն վարչութիւնը քաղաքացիներուն կոչ ըրած է կէսօրուան ժամը 12-էն -մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4-ը զգոյշ ըլլլլ եւ խուսափիլ արեւու կիզիչ ճառագայթներէն: