image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Չիքունկունիա տենդ» հիւանդութեան դէպք

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Չիքունկունիա տենդ» հիւանդութեան դէպք

Փետրուար 18-ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Չիքունկունիա տենդ» հիւանդութեան դէպք։ Հիւանդը վարակուած է Սէյշէլեան կղզիներուն մէջ մոծակի խայթոցէ։ Տուեալ պահուն հիւանդի առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար։ Այս մասին յայտնած են Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնէն։

Հիւանդութեան գաղտնի շրջանը կը կազմէ 2-12 օր, հիմնական ախտանշաններն են՝ տենդ, սաստիկ յօդացաւ, մկանացաւ, մաշկային ցանաւորում, տկարութիւն։ Վարակը կը փոխանցուի մոծակի խայթոցի միջոցով։ Ան մարդէ մարդ չի փոխանցուիր եւ մասնայատուկ բուժում չունի։ Վարակի դէմ պատուաստանիւթը լայն կիրառութիւն չէ գտած։ Ռիսքի խումբ կը նկատուին քրոնիք հիւանդութիւններ ունեցող եւ տարեց մարդիկ, ինչպէս նաեւ յղիները։ Մահացութեան դէպքերը հազուադէպ են եւ վարակուածներուն մօտ կը կազմեն մօտաւորապէս 0.1% (հիմնական՝ տարեցներ եւ քրոնիք հիւանդութիւններ ունեցող անձեր)։

Վարակուելու հնարաւոր վտանգները նուազեցնելու համար անհրաժեշտ է՝

 

  • գործածել հակամիջատային ցանցեր

  • կրել փակ, երկարաթեւ եւ երկարոտք հագուստ

  • օգտագործել միջատավանիչ նիւթեր եւ սարքեր

Վերջին ժամանակահատուածին Սէյշէլեան կղզիներուն, Շրի Լանքայի, Սուրինամի, Պոլիվիայի եւ Քուպայի մէջ արձանագրուած են Չիքունկունիա տենդի բռնկումներ։ Նշուած շրջաններէն վերադառնալու պարագային, նման ախտանշաններու առկայութեան պարագային, անհրաժեշտ է դիմել բժիշկ՝ վարակաբանի։