Փրկարար ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ։
Փակ են Արագածոտնի մարզի «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները։
Լարսի մասին
Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու բաժանմունքէն եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Հիւսիսային Օսիոյ ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինտա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի փոխադրային միջոցներուն համար։
Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռնային անուադողերով։