image

Հայաստանի փայլուն մասնակցութիւնը՝ Expo 2020 Dubai»-ին

Հայաստանի  փայլուն  մասնակցութիւնը՝  Expo 2020 Dubai»-ին

30 Յունուարին «Expo 2020 Dubai» համաշխարհային ցուցահանդէսի միջոցառումներու ծիրէն ներս նշուած է Հայաստանի ազգային օրը «Տուպայ Միլէնիոմ» սրահին մէջ: 

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ալ Խալիժ» կայքէն:

Expo  ցուցահանդէսը, որ տեղի կ'ունենայ 5 տարի անգամ մը, այս անգամ տեղի ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ: Ցուցահանդէսը մեկնարկած է 1 Հոկտեմբերին, պիտի տեւէ  6 ամիս մինչեւ Մարտի վերջը, ունենալով 192 մասնակից երկիր: Նշենք որ ցուցահանդէսը ընտրած է «միաւորելով միտքը՝ ստեղծելով ապագան» թեման, երեք գլխաւոր ենթաբաժիններով՝ հնարաւորութիւններ, շարժունակութիւն եւ կայունութիւն: 

Ցուցահանդէսի ընթացքին, երկիրները կը ներկայացնեն իրենց նորագոյն գիւտերը, կը ծանօթացնեն իրենց երկիրը ու անոր մշակոյթը, պատմութիւնը, նուաճումները, նաեւ այն ինչ որ կրնայ հետաքրքրել երկիրը այցելող զբօսաշրջիկները, կը կատարուին առեւտրական համաձայնութիւններ, նաեւ առիթ կը տրուի անոնց նշել ազգային օր իւրոյն ձեւով: 

Հայաստանն ալ նշած է իր ազգային օրը: Բարձրացուած է եռագոյնը Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի երաժշտութեան տակ:

Հայաստանի ներկայացուցած ելոյթները եղած են հիասքանչ: Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը մասնակցութեամբ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի երաժիշտներուն կատարած է աշխարհահռչակ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները ճազային ոճի մշակումով։ Որմնային լուսաւոր ու գունաւոր պատկերներու ներկայացումը, որ արտացոլած է հայոց պատմութենէն դէմքեր, դէպքեր, վայրեր, հայ աւանդական արհեստներ՝ գորգեր, այբուբենը, եւ շատ այլ նուաճումներ, իր հմայքով ու գեղեցկութեամբ ապշեցուցած է ներկաները:

Իսկ հայկական պարախումբի ելոյթը, «Հայկական գոյներ» խորագրին տակ, հագուստներու վառ գոյներով, համաչափ շարժումներով ու ռիթմիկ երաժշտութեամբ պարզապէս եղած է գերազանց: Գոյները հայկական արուեստին մէջ ունին իրենց նշանակութիւնը, օրինակ՝ մուգ կապոյտը կ'արտայայտէ ծովու գոյնը գիշեր ատեն, իսկ կարմիրը՝ պատերազմներու եւ զայրոյթի արտայայտութիւն է: Ներկայացուած է նաեւ կարճ վաւերագրական շարժանկար, երէկուայ եւ այսօրուայ Հայաստանի մասին, ան կարեւորած է «Աթնոտէք» նախագիծը, եւ որու մասին է  ցուցահանդէսի «Հնարաւորութիւններ»  բաժինը գտնուող այդ տաղաւարի կարգախօսը: 

Հայ մշակոյթին մէջ պարը միջոց մըն է, որ կը համախմբէ մարդիկ եւ կը ներշնչէ դրական եռանդ:  Հայ ժողովուրդը միշտ հմուտ եղած է իր պարարուեստին մէջ եւ օգտագործած զայն  արտայայտելու մարդկային տարբեր զգացումներ՝ սէր, ուրախութիւն, պատմութիւն եւ ցասում, ան ստեղծած է յատուկ պարեր, ինչպէս զինուորներու պարը, որ կը  կատարուէր մարտի երթալէ առաջ, բարձրացնելու մարտական ու համագործակցութեան ոգին: