image

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան դրօշը հանուած է

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան դրօշը հանուած է

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան վրայէն հանուած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դրօշը: Տեղեկութիւնը յայտնած է «Sputnik Արմենիա»ի թղթակիցը։

Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող դեսպանատունը ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու պահպանութեան տակ է. անոնք թոյլ չեն տար նկարահանել տարածքը առանց պետական խորհրդանիշի: