Հայաստանի մէջ կը շարունակուին գերակշռել կենցաղային բնոյթի սպանութիւնները, եւ այդ ընթացքը կը պահպանուի։ Այս մասին յայտնած է ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանն Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին «ՀՀ 2026-ի պետական պուտճէի մասին» օրէնքի նախագիծի քննարկման ընթացքին։
«Սպանութիւնները մեր յանցաւորութեան ընդհանուր կառուցուածքում կազմում են ընդամէնը 0,2%-ը»,-յայտնած է նախարարը։
Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի թմրամիջոցներու եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գրասենեակի սպանութիւններու վերաբերեալ համաշխարհային զեկոյցներուն, Սարգսեանը յայտարարած է, որ 2021-ի միջին համաշխարհային ցուցանիշը կը կազմէ 100,000 բնակչի հաշուով 5,8 դէպք։
«Ինդեքսը հիմնականում կազմում է 100,000 բնակչի հաշուով՝ տեղի ունեցած սպանութիւնների հաշուարկով։ 2021-ին ընդհանուր առմամբ միջին համաշխարհային ցուցանիշը կազմել է 100,000 բնակչի հաշուով 5,8 դէպք։ Այս գնահատումը պարբերական բնոյթ կրող գնահատում է եւ չորսից հինգ տարուայ կտրուածքով է պարբերաբար ՄԱԿ-ը թարմացնում այս գնահատումները»,-ըսած է նախարարը
Նախարարի խօսքով, եթէ համաշխարհային մակարդակով 100,000 բնակիչի հաշուով միջինը 5,8 սպանութեան դէպք արձանագրուած է, 2021-ին Հայաստանի պարագային այս ցուցանիշը եղած է 2, 2022-ին` 1,9, 2023-ին` 1.8, 2024-ին՝ 2:
«Կրկնակիից աւելի նուազում ունենք մենք ընդհանուր առմամբ միջին համաշխարհային ցուցանիշից։ Սա չի նշանակում, որ մենք չենք շարունակում հետեւողականօրէն այս ուղղութեամբ աշխատանքներ ձեռնարկել, որովհետեւ երբ որ յատկապէս խօսում ենք սպանութեան դէպքերի մասին, պիտի նկատենք, որ առաւելապէս հիմնական պատճառները հանդիսանում են կրթական հարցերը, առողջապահական հարցերը, սոցիալական տարբեր հիմնախնդիրները»,-ըսած է ան։
Նախարարը աւելցուցած է, որ այս տարուան կտրուածքով, արդէն իսկ թիրախաւորելով բոլոր հիմքերը, նախարարութեան կողմէ մշակման փուլի մէջ կը գտնուի յանցաւորութեան կանխարգելման նոր ռազմավարութիւնը, որ բազմաբաղադրիչ է եւ պիտի անդրադառնայ այս խումբ բոլոր հարցերուն։
Նախարարը նաեւ նշած է, որ հաշուետու տարուան 4%-ով նուազած է անչափահասներու կողմէ կատարուած յանցագործութիւնները եւ անդրադարձած է Ազգային ժողովի հետ համատեղ ընդունուած օրէնսդրական նախաձեռնութեան, որով անչափահասներուն նաեւ արգիլուած է վաճառքը՝ սառը զէնքի նմանող առարկաներու, սարքերու կամ գործիքներու։