image

Հայաստանի մէջ ջուրը պիտի թանկանա՞յ

Հայաստանի մէջ ջուրը պիտի թանկանա՞յ

Հայաստանի ջրամատակարարման պատասխանատու «Վեոլիա ջուր» ընկերութիւնը կ'ուզէ զգալիօրէն բարձրացնել իր սակագիները մինչեւ 223,7 դրամ մէկ խորանարդ մեթրի համար ներկայիս 180-ի փոխարէն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀԾԿՀ պաշտօնական էջը։

Հիմնական կ'առաջարկուի սակագինի բարձրացում ընդհանուր գնաճի պատճառով:  ՀՀ կառավարութեան հետ պայմանագրին մէջ նշուած է, որ սակագինը կրնայ բարձրանալ ելեկտրական ուժանիւթի թանկացման եւ գնաճի պատճառով (որ տարեսկիզբէն կազմած է 5,7%):

Սկզբնական շրջանին` 2017 թուականէն սկսեալ, սակագինը կը սահմանուէր 180 դրամ մէկ խորանարդ մեթրի համար, եւ կ'ենթադրուէր, որ պիտի բարձրանայ վերջին քանի մը տարիներուն (2021 թուականին այն պէտք է ըլլար 211 դրամ):  Բայց 180 դրամը գերազանցող մասը կառավարութիւնը նպաստաւորեց (սուբսիդաւորեց) այնպէս, որ սպառողներու համար այն չգերազանցեց 180 -ը: Այսպիսով, ըստ էութեան, սակագինը 191,4 դրամ էր, որմէ 11,4 դրամը նպաստաւորեց պետութիւնը: 

Այժմ «Վեոլիա ջուրը»  գնաճի հիման վրայ դիմած է վերջին տարուան համար սակագինի բարձրացման խնդրանքով եւ առաջարկած է սակագինը աւելցնել 12.34 դրամով։  Հաշուի առնելով նուազման այլ գործակիցներ` սակագինի յայտը առանց ԱԱՀ -ի պիտի կազմէ 186.45 դրամ, իսկ ԱԱՀ -ով 223.7 դրամ:

Դեռ յայտնի չէ՝ յանձնաժողովը պիտի ընդունի նման սակագինը ամբողջութեամբ, թէ մասամբ, եւ ատոր որ մասը պիտի նպաստաւորուի պետութեան կողմէ: