Ռուսիան Հայաստանի ցոյցերը կը համարէ երկրի ներքին գործը եւ չի միջամտեր: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն:
«Հայաստանի ներքին գործն է այն ամէնը, ինչ այնտեղ կը կատարուի, եւ այն ամէնը, ինչի մասին հանդէս կու գայ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը: Մենք այդ մասին գիտենք եւ այդ գործընթացներուն չենք միջամտեր», նշած է փոխնախարարը` մեկնաբանելով սահմանագծման եւ սահմանազատման մասին Պաքուի եւ Երեւանի բանակցային գործընթացը եւ Հայաստանի մէջ այդ առնչութեամբ տեղի ունեցող ցոյցերը: