image

Հայաստանի մէջ առկայ բողոքները երկրին ներքին հարցն են. Ռուս գործիչ

Հայաստանի մէջ առկայ բողոքները երկրին ներքին հարցն են. Ռուս  գործիչ

Ռուսիան Հայաստանի ցոյցերը կը համարէ երկրի ներքին գործը եւ չի միջամտեր: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն:

«Հայաստանի ներքին գործն է այն ամէնը, ինչ այնտեղ կը կատարուի, եւ այն ամէնը, ինչի մասին հանդէս կու գայ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը: Մենք այդ մասին գիտենք եւ այդ գործընթացներուն չենք միջամտեր», նշած է փոխնախարարը` մեկնաբանելով  սահմանագծման եւ սահմանազատման մասին Պաքուի եւ Երեւանի բանակցային գործընթացը եւ Հայաստանի մէջ այդ առնչութեամբ տեղի ունեցող ցոյցերը: